Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին վերընտրուած Էրտողան ընտրութիւններէն վերջ պաշտօնական այցելութեամբ 12 Յունիսին մեկնած է Ատրպէյճան: Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումէն վերջ երկու երկիրներու առաջնորդները միատեղ մամլոյ ասուլիս մը տուած են։

Էրտողան խօսած է «Զանգեզուրի Միջանցքի» մասին եւ զայն որակած է իրենց համար ամենազգայուն հարցերէն մէկը, որուն վրայ իրենք առաւելաբար կեդրոնացած են հեզասահ դարձնելու նախ Թուրքիա-Նախիջեւան, ապա Թուրքիա-Պաքու ուղղակի կապը։ Ապա աւելցուցած է, որ այս խօսքը ուղղուած է արտաքին աշխարհին, առաջին հերթին Հայաստանին։

Իսկ վերոյիշեալ միջանցքին կեանքի կոչման պարագային, ըստ Էրտողանի, պիտի շահի թէ Ատրպէյճանը եւ թէ Թուրքիան, քանի որ անիկա ուղիղ հաղորդակցութիւն պիտի ապահովէ երկու երկիրներուն միջեւ:

Յիշեցնենք, որ Էրտողան նախքան Պաքու մեկնիլը պաշտօնական այցելութեամբ եղած էր ինքնահռչակ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւն, ուր կիպրական հարցին շուրջ յունական կողմին հետ բանակցութիւնները վերսկսելու համար նախապայմաններ ճշդած էր Յունաստանին համար: