Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ մեր ակումբներուն պարտէզները:
Ակումբը եթէ կուսակցական որոշ երանգ մը ունի, պարտէզները զուտ ընկերային հաւաքատեղիներ են: Պէտք չէ մոռնալ սակայն, որ Հալէպի մէջ ոչ միայն իւրաքանչիւր ակումբ արդէն իր պարտէզը ունի՝ ՀՄԸՄ-ի պարտէզ, ՀԵԸ-ի պարտէզ, այլ նաեւ միութիւններն ու դպրոցներն ալ ունին իրենց պարտէզները, ինչպէս Կրթասիրաց Միութեան պարտէզ, Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի պարտէզ, Բեթել եկեղեցւոյ կամ դպրոցի պարտէզ եւ այլն …
Որքան կը յիշեմ մօրս պատմածներէն, յիսուն տարի առաջ միայն ՀՄԸՄ-ի պարտէզը կար իր պասքեթի, թենիսի եւ ֆութպոլի դաշտերով եւ բարձր ծառերուն տակ ցրուած սեղան-աթոռներով: Կար նաեւ ՀԵԸ-ի փոքրիկ պարտէզը, որ իրապէ՛ս պարտէզ էր, ծառերու խիտ տերեւներուն տակ կորսուած…
Ինծի կը թուէր թէ այս պարտէզները, եկեղեցի-դպրոց-ակումբ եռոտանիին վրայ աւելցուած չորրորդ կարեւոր կողմ մըն էին, եւ բոլոր գաղութներն ալ ունէին. հապա ո՞ւր պիտի երթար ժողովուրդը ամառուան տաք ցերեկներէն ետք իրիկուան զովութիւնը վայելելու, աշխատանքին յոգնութիւնը թօթափելու, ընկերներու հանդիպելու. ո՞ւր պիտի երթային մեր մանր տղաքը իրենց եռանդը վատնելու … Բայց այդպէս չէր իրականութիւնը:
Երբ մեր ընկերներն ու բարեկամները Պէյրութէն կու գային, անպայմանօրէն պարտէզ կ’երթայինք միասին, զիրենք ճաշարան կամ սրճարան հրաւիրելէ առաջ: Բոլորն ալ երանի կու տային մեզի՝ հալէպահայերուս, որ ունինք նման պարտէզներ, շա՜տ հաճելի հաւաքատեղիներ, ուր առանց ընտանիքին նիւթական հաւասարակշռութիւնը խախտելու, կրնայինք աղուոր ժամանակ անցընել:
«Գիտէք որ Պէյրութ ամէն բան շատ սուղ է,- կ’ըսէին,- ամէն մարդ չէ որ կրնայ ամէն օր սրճարան-ճաշարան երթալ: Դժբախտաբար մեր ակումբները նման պարտէզներ չունին. դուք, կարծեմ, կրնաք պարտէզ երթալ, առանց անպայման բան մը ուտել-խմելու պարտաւորութեան: Երանի ձեզի»:
Պարտէզ երթալու նպատակը անշուշտ որ բնաւ ուտել-խմելը չէ այնքան, որքան իրարու հանդիպիլն ու զրուցելը:
Ես կը յիշեմ, որ այն օրերուն, երբ խումբ մը ընկերներով «Օշական» պարբերաթերթը կը խմբագրէինք, մեր ժողովները յաճախ ՀՄԸՄ-ի պարտէզը կ’ընէինք՝ Հայր Արարատը, Կորիւն Շահինեանը (վաղամեռիկ բանաստեղծը), Արմիկ Նալպանտեանը եւ ես. հինգերորդ ընկեր մըն ալ ունէինք, ո՞վ էր արդեօք, արդէն չեմ յիշեր:
Ուրիշ յանձնախումբեր եւս սովորութիւն ըրած էին ժողովները պարտէզէն ներս ընել, որովհետեւ Հալէպի տաք ցերեկէն ետք անտանելի պիտի ըլլար հովասուն գիշերն ալ սենեակի մը մէջ բանտարկուած անցընելը:
Հապա Երեքշաբթիներու նշանաւոր կնոջական հաւաքները, երբ ընկերուհիներ կամ բարեկամուհիներ քով-քովի կու գային ոչ միայն հաճելի ժամանակ անցընելու համար, այլ նաեւ գտած էին փոքրիկ խնայողութիւն մը ընելու կերպը՝ ամէն շաբաթ կամ երկու շաբաթը անգամ մը փոքր գումար մը հաւաքել, եւ հերթով,- ըստ նախապէս վիճակով որոշուած հերթականութեան,- տալ մէկուն: Այդ հաւաքներուն մասնակիցները սկիզբէն իսկ որոշած կ’ըլլային ընդհանրապէս, թէ ի՛նչ նպատակի համար պիտի օգտագործէին այդ գումարը: Յաճախ՝ շատ կարեւոր կ’ըլլային այդ նպատակները:
Իսկ Հինգշաբթիներու ընթրիքի երեկոները … Այլ հաճոյք եւ ուրախութիւն էին այդ Հինգշաբթիները, որոնք կը սկսէին հերիսայով, եւ, որքան կը յիշեմ, աշնան վերջ կը գտնէին ղաւուրմայով:
Ալֆորվիլի մէջ (Ֆրանսա), որ Փարիզի արուարձաններէն հայահոծ շըրջան մըն է, նշանաւոր սրճարան մը կար, ուր հայերը կը հաւաքուէին. ընդհանրապէս այրեր. ընդհանրապէս՝ ծեր այրեր. այնտեղ ո՛չ փոքրիկներուն ուրախ ճիչերը, ոչ ալ երիտասարդներուն տաք վէճերը կային: Աւելի շատ տխուր երեւոյթ մը կը պարզէր այդ սրճարանը:
Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ ալ կը գործէ պարտէզներուն դրութիւնը. հոս սակայն ո՛չ ակումբ կայ, ոչ ալ պարտէզ. կան «սրահ»-ներ. «Վաղը սրահ պիտի գա՞ս», կը հարցնեն իրարու: Ուրկէ՞ եկեր է այս անուանումը ակումբ-պարտէզներուն, չեմ գիտեր. հաւանաբար Կոկանեան Սրահին անուանումէն, որովհետեւ այս պարագային սրահը ածական չէ, այլ ձեւով մը՝ մականուն:
Ինչ ալ ըլլայ անունը, կարեւորը վայրն է՝ ծառաշատ, հաճելի եւ … մանուկներով լեցուն: Մանուկները կու գան անշուշտ իրենց ծնողներով. երբեմն կու գան նաեւ առանց ծնողներու, որովհետեւ Հալէպի, Գահիրէի թէ Աղեքսանդրիոյ այս պարտէզները խիստ ապահով վայրեր են, ուր ամէն մարդ ամէն մարդու ծանօթ է, կամ գրեթէ ծանօթ, ուր բոլորին սիրտն ու հոգին փոքրիկներուն վրայ է եւ ուր երիտասարդները մեծ հոգածութեամբ կը վերաբերին փոքրերուն, կը զբաղեցնեն, կը զրուցեն անոնց հետ, այսպիսով անուղղակի կերպով սորվեցնելով անոնց հաղորդակցելու ոճերն ու կարեւորութիւնը:
Սեղաններուն շուրջ նստած տարեցները երանութեամբ կը դիտեն խաղցող փոքրիկները, կը նշմարեն մէկուն մեծցած ըլլալը, միւսին տակաւին հասակ նետած չըլլալը, աղջիկներուն աղուորութիւնը … Կը զգաս որ յոյսը կը ծփայ իրենց շուրջ, մանաւանդ հիմա, երբ Միջին Արեւելքի գաղութները ծանր շրջաններ կը բոլորեն՝ ապահովութենէն մինչեւ տնտեսական ճգնաժամ:
Եթէ նկատի առնենք նաեւ կրկին թափ առած գաղթը, պիտի հասկնանք թէ ինչո՛ւ երէցները ուղղակի կ’ոգեւորուին ակումբներուն պարտէզները աղմուկ-աղաղակով լեցնող փոքրիկներուն ի տես:
– Ի՞նչ պիտի ըլլային մեր փոքրիկները, եթէ չըլլային այս պարտէզները, ո՞ւր պիտի երթային, ո՞ր արաբնոցը …,- կ’ըսեն իրարու, գլուխները օրօրելով:
Այս կամ նման խօսքերը կը հաստատեն մօտիկ անցեալի մեր ղեկավարներուն պայծառատեսութիւնը, կարեւորն ու կարեւորագոյնը ճշդելու իրենց հոտառութիւնը եւ անխոնջ աշխատանքը, իրականացուցած ըլլալու այն բոլորը, զորս մենք կը վայելենք այսօր:
Ի՜նչ սէրեր ծաղկեր են պարտէզներէն ներս, ծառերուն հովանիին տակ, ու երբեմն մեծերուն օրհնութեամբ: Ահա մեր պարտէզներուն մէկ այլ շատ կարեւոր դերը՝ խթանել մեր տղոց կապը իրարու հետ, քաջալերել անոնց ծաղկող սէրը, որ պատուար է յաճախ օտար ամուսնութիւններու դէմ:
Այո՛, հոսքը շատ զօրաւոր է, բայց մեծ է նաեւ մեր պարտէզներուն «խորհուրդը»:
Դժբախտաբար նման պարտէզներ չկան արեւմտեան կողմն աշխարհի ծաղկած մեր գաղութներուն մէջ, ուր հեռաւորութիւնները, աշխատանքային օրուան երկարութիւնն ու ծանրութիւնը արգելք կը դառնան պարտէզային հաւաքներուն: Եթէ կարելի ըլլար նման պարտէզներ պահել, թերեւս կարգ մը երեւոյթներ տարբեր ըլլային:
Ափսոս:
Մարուշ Երամեան