Վերջերս Հայաստանի մէջ երկու հարցախոյզ կատարուած է՝ մարդոց հնարաւորութիւն տալով արտայայտելու իրենց տեսակէտները տարբեր հարցումներու շուրջ, որոնց շարքին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ժողովրդականութեան կտրուկ անկման մասին:
Առաջին հետազօտութիւնը կատարուած է 23 Յունուարէն 4 Մարտ  2023-ի միջեւ, Հարցումներու հետազօտութեան կեդրոնի կողմէ, որ  Ուաշինկթընի մէջ գործող Միջազգային հանրապետական հիմնարկի (IRI) նախագիծն է: Այս գիտական հետազօտութիւնը, որ հիմնուած է Հայաստանի բնակչութեան պատահական ընտրանքի վրայ, ֆինանսաւորուած է ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) կողմէ:
Հարցում. «Ձեր կարծիքով, արդեօք Հայաստան ճի՞շդ, թէ՞ սխալ ուղղութեամբ կ’ընթանայ»: 52 տոկոսի կարծիքով՝ սխալ ուղղութեամբ (2018-ի 11-14 տոկոսի համեմատ, երբ Փաշինեան առաջին անգամ եկաւ իշխանութեան), 36 տոկոսի կարծիքով՝ ճիշդ ուղղութեամբ (2018-ի 72-73 տոկոսի համեմատ):
Հարցում. «Որքանո՞վ գոհ էք կամ դժգոհ մեր երկրին մէջ ժողովրդավարութեան ընթացքէն»: 17 տոկոսը գոհ է, 46 տոկոսը՝ դժգոհ, 35 տոկոսը՝ փոփոխութիւն չի տեսներ:
Հարցում. «Որքանո՞վ հետաքրքրուած էք քաղաքականութեամբ»: 43 տոկոսը՝ շատ կամ որոշ չափով հետաքրքրուած է, 57 տոկոսը՝ ընդհանրապէս կամ որոշ չափով հետաքրքրուած չէ:
Հարցում. «Ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայ բնակչութեան շրջանին մէջ տիրող տրամադրութիւնը»: 44 տոկոսը կարծիք յայտնած է, թէ ապագան աւելի լաւ կամ որոշ չափով աւելի լաւ կ’ըլլայ, 55 տոկոսը՝ անապահովութիւն, անհանգստութիւն եւ վախ ապագայի հանդէպ, այլեւ լիակատար հիասթափութիւն եւ հաւատքի բացակայութիւն, որեւէ բարելաւման նկատմամբ:
Հարցում. «Ո՞ր քաղաքական կամ հասարակական գործիչին կը վըստահիք ամէնէն աւելի»: 64 տոկոսը՝ ոչ մէկուն, 14 տոկոսը՝ Նիկոլ Փաշինեանի, 3 տոկոսը՝ Արարատ Միրզոյեանի, 2 տոկոսը՝ Ռոպերթ Քոչարեանի, միւսներուն՝ 2 տոկոսը:
Հարցում. «Ո՞ր կուսակցութեան կամ դաշինքին կու տայիք ձեր ձայնը, եթէ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի ունենային յառաջիկայ Կիրակի»: 47 տոկոսը՝ չէր քուէարկեր կամ կը մերժէ պատասխանել կամ չի գիտեր, 17 տոկոսը իր ձայնը կու տար «Քաղաքացիական պայմանագրին», 5 տոկոսը՝ «Հայաստան» դաշինքին, 4 տոկոսը՝ «Հանրային ձայն» կուսակցութեան, 2 տոկոսը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան, 2 տոկոսը՝ ՀՅԴ-ին, միւսներուն՝ 1 տոկոս իւրաքանչիւրին:
Հարցում. «Որքանո՞վ գոհ կամ դժգոհ էք հետեւեալ հաստատութիւններէ»: Հայ Առաքելական եկեղեցի, 54 տոկոսը՝ շատ կամ որոշ չափով գոհ է, 40 տոկոսը՝ շատ կամ որոշ չափով դժգոհ է: Վարչապետի աշխատակազմ՝ 38 տոկոս գոհ է (2018-ի 82-85 տոկոսի համեմատ), 61 տոկոսը՝ դժգոհ (2018-ի 13-17 տոկոսի համեմատ):
Հարցում. «Ի՞նչ կը կարծէք՝ վերջին վեց ամիսներու ընթացքին հետեւեալ ոլորտներէն իւրաքանչիւրի ուղղութեան մասին»: Խօսքի ազատութիւն, 56 տոկոսը՝ շատ կամ որոշ չափով բարելաւուած է (2018-ի 73-83 տոկոսի համեմատ), 18 տոկոսը՝ շատ նահանջած կամ որոշակիօրէն նահանջած է (2018-ի 3-6 տոկոսի համեմատ), 26 տոկոսը՝ փոփոխութիւն չկայ (2018-ի 19 տոկոսի համեմատ): Արտաքին քաղաքականութիւն, 37 տոկոսը՝ շատ կամ որոշ չափով բարելաւուած է (նոյնը, ինչպէս 2019-ին),  33 տոկոսը՝ չափով մը նահանջած կամ շատ նահանջած է (2019-ի 17 տոկոսի համեմատ), 26 տոկոս՝ ոչ մէկ փոփոխութիւն կայ (2019-ի 39 տոկոսի համեմատ): Հայաստանի քաղաքականութիւնը Արցախի Հարցով՝ 10 տոկոսը՝ շատ կամ որոշակիօրէն բարելաւուած է (2019-ի 32 տոկոսի համեմատ), 69 տոկոսը՝ շատ նահանջած կամ որոշակիօրէն նահանջած է (2019-ի 18 տոկոսի համեմատ), 18 տոկոսը՝ ոչ մէկ փոփոխութիւն կայ (2019-ի 45 տոկոսի համեմատ): Կաշառակերութեան դէմ պայքարի ուղղութիւնը՝ 43 տոկոսը՝ բարելաւուած է (2018-ի 82 տոկոսի համեմատ), 22 տոկոսը՝ նահանջած է (2018-ի 2 տոկոսի համեմատ), 32 տոկոսը՝ ոչ մէկ փոփոխութիւն (2018-ի 14 տոկոսի համեմատ):
Հարցում. «Ձեր կարծիքով ո՞րն է կառավարութեան ամէնէն մեծ յաջողութիւնը վերջին 6 ամիսներու ընթացքին»: 43 տոկոսը՝ չկայ, 21 տոկոսը՝ չի գիտեր կամ մերժած է պատասխանել, 6 տոկոսը՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններու զարգացումը, ուրիշ մանր հարցեր:
Հարցում. «Ձեր կարծիքով ո՞րն է կառավարութեան ամէնէն մեծ ձախողութիւնը վերջին 6 ամիսներու ընթացքին»: 21 տոկոսը՝ չի գիտեր կամ մերժած է պատասխանել, 15 տոկոսը՝ Լաչինի միջանցքի փակումը, 9 տոկոսը՝ արցախեան հիմնահարցի տապալումը, 8 տոկոսը՝ Հայաստանի ազգային անվտանգութիւնը եւ սահմանային հարցեր, 7 տոկոսը՝ տարածքներու կորուստը, ուրիշ մանր հարցեր:
Հարցում. «Ինչե՞ր պէտք է ընէ Փաշինեանի կառավարութիւնը յառաջիկայ 6 ամիսներու ընթացքին». 23 տոկոսը՝ բանակի պայմաններու բարելաւում, 22 տոկոսը՝ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան եւ սահմաններու պաշտպանութիւն, 16 տոկոսը՝ աշխատատեղերու ստեղծում, 15 տոկոսը՝ խաղաղութեան հաստատում, 13 տոկոսը՝ Լաչինի միջանցքի բացում, 13 տոկոսը՝ Արցախի Հարցի հայանպաստ կարգաւորում:
Հարցում. «Ի՞նչ չափով հարց է կաշառակերութիւնը»: 73 տոկոսը՝ շատ մեծ կամ չափով մը մեծ հարց, 25 տոկոսը՝ ոչ մեծ հարց, շատ փոքր կամ խնդիր չկայ:
Հարցում. «Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի եւ… յարաբերութիւնները»: 96 տոկոսը՝ Ֆրանսայի (շատ լաւ կամ որոշ չափով լաւ), 91 տոկոսը՝ Իրան, 88 տոկոսը՝ Միացեալ Նահանգներ, 86 տոկոսը՝ Եւրոպական միութիւն, 84 տոկոսը՝ Չինաստան, 80 տոկոսը՝ Վրաստան, 50 տոկոսը՝ Ռուսիա, 44 տոկոսը՝ Ուքրանիա, 23 տոկոսը՝ Թուրքիա, 4 տոկոսը՝ Ատրպէյճան: Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները 2018-ի 87-92 տոկոս լաւ գնահատականէն նուազած է մինչեւ 50 տոկոս՝ 2023-ին: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները 2018-ի 1-11 տոկոս լաւ գնահատականը 2023-ին հասած է 23 տոկոսի, մինչդեռ Հայաստանի քաղաքացիներու 75 տոկոսը յարաբերութիւնները վատ կը  համարէ (2018-ի 85 տոկոսի համեմատ):
Երկրորդ հարցախոյզը տեղի ունեցած է Մայիս 2023-ին, Gallup International-ի հետ փոխ կապակցուած Marketing Professional Groupի կողմէ: Ասիկա գիտական հետազօտութիւն է՝ հիմնուած Հայաստանի բնակչութեան պատահական ընտրանքին վրայ:
Հարցում. «Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Նիկոլ Փաշինեանի՝ Արցախը Ատըրպէյճանի մաս ճանչնալը»: 3,8 տոկոսը՝ միանշանակ դրական, 5,4 տոկոսը՝ գրեթէ դրական, 63,4 տոկոսը՝ ոչ դրական, 18,5 տոկոսը՝ գրեթէ բացասական, 8,9 տոկոսը՝ դժուարացած է պատասխանել:
Հարցում. «Կը կարծէ՞ք, որ արցախահայերը իբրեւ ցեղային փոքրամասնութիւն կրնան գոյութիւն ունենալ Ատրպէյճանի մէջ»: 2,8 տոկոսը՝ այո, 5,6 տոկոսը՝ գրեթէ  այո, 77,7 տոկոսը՝ ոչ, 8,7 տոկոսը՝ գրեթէ ոչ, 5,1 տոկոսը՝ դժուարացած է պատասխանել:
Հարցում. «Այս դատողութիւններէն ո՞ր մէկուն հետ համաձայն էք»: Փաշինեան կը փորձէ վարել հաւասարակշիռ քաղաքականութիւն Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ հետ՝ 32,8 տոկոս, Փաշինեան կը փորձէ Հայաստանը համարկել Եւրոպայի, Արեւմուտքի եւ ՆԱԹՕ-ի շրջանակներուն՝ 20,5 տոկոս, Փաշինեան նպատակ ունի Հայաստանը մօտեցնել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ՝ 14,7 տոկոս, Փաշինեանի գործողութիւնները ուղղուած են դուրս մղելու Ռուսիան Հայաստանէն՝ 12,9 տոկոս, 19 տոկոսը դժուարացած է պատասխանել:
Հարցում. «Հաշուի առնելով Հայաստանի ներքաղաքական եւ արտաքին մարտահրաւէրները, արդեօք անհրաժե՞շտ է իրականացնել խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ եւ կազմել նոր կառավարութիւն»: 41 տոկոսը պատասխանած է՝ միանշանակ անհրաժեշտ է, 18,9 տոկոսը՝ գրեթէ անհրաժեշտ է, 12,2 տոկոսը՝ գրեթէ  անհրաժեշտ չէ, 19,5 տոկոսը՝ անհրաժեշտ չէ, 8,5 տոկոս՝ դժուարացած է պատասխանել:
Հարցում. «Թուրքիա իր դժգոհութիւնը յայտնեց Երեւանի մէջ Նեմեսիսի արձանի տեղադրման կապուած եւ իբրեւ առաջին քայլ՝ փակած է իր օդային տարածքը հայկական թռիչքներու համար: Ի՞նչ կը կարծէք, պէ՞տք է արդեօք ՀՀ կամ քաղաքային իշխանութիւնները տուրք տան Թուրքիոյ ճնշումներուն եւ քանդեն Նեմեսիսի հերոսներուն նուիրուած յուշարձանը»: 82,5 տոկոսը՝ միանշանակ ոչ, 7,7 տոկոսը՝ գրեթէ ոչ, 2,6 տոկոս՝ միանշանակ այո, 3,5 տոկոսը՝ գրեթէ այո, 3,5 տոկոսը՝ դժուարացած է պատասխանել:
Հարցում. «Մասնակցա՞ծ էք արդեօք 2018-ի յեղափոխութեան»: 2023-ի հետազօտութեան մէջ 62,6 տոկոսը՝ ոչ, 37,4 տոկոսը՝ այո: 2018-ի հետազօտութեան մէջ 91 տոկոսը՝ այո, 9 տոկոսը՝ ոչ:
Հարցում. «Ըստ Ձեզի,  ճի՞շդ էր արդեօք ցուցարարներու կողմէ ճամբաներու եւ խաչմերուկներու փակումը՝ եւ երթեւեկութեան միջոցներու տեղաշարժման սահմանափակումը»: 2023-ի հետազօտութեան մէջ 44,5 տոկոսը՝ այո, 50,8 տոկոսը՝ ոչ: 2018 թուականի հետազօտութեան մէջ՝ 87,1 տոկոսը՝ այո, 8,7 տոկոսը՝ ոչ:
Հարցում. «Յեղափոխութենէն անցած է հինգ տարի: Այս ընթացքին որքանո՞վ արդարացած են ձեր սպասումները»: 2023-ի հետազօտութեան մէջ 3,8 տոկոսը՝ ամբողջութեամբ արդարացան, 21,5 տոկոսը՝ որոշ չափով արդարացան, 18 տոկոսը՝ որոշ չափով չարդարացան, 52,1 տոկոսը՝ չարդարացան: 2018-ի հետազօտութեան մէջ 14,4 տոկոսը՝ ամբողջութեամբ  չարդարացան, 64,2 տոկոսը՝ որոշ չափով արդարացան, 7,6 տոկոսը՝ որոշ չափով չարդարացան, 10,9 տոկոսը՝ չարդարացան:
Հարցում. «Գնահատեցէ՛ք վարչապետ Փաշինեանի գործելաոճը»: 2023-ի հետազօտութեան մէջ 5,4 տոկոսը՝ լիովին դրական, 13,4 տոկոսը՝ գրեթէ դրական, 24,2 տոկոսը՝ գրեթէ  բացասական, 47,1 տոկոսը՝ բացասական, 10 տոկոսը՝ դժուարացած է պատասխանել: 2018-ի հետազօտութեան մէջ 45,4 տոկոսը՝ դրական, 46,2 տոկոսը՝ գրեթէ դրական, 3,9 տոկոսը՝ գրեթէ բացասական, 2,4 տոկոսը՝ բացասական:
Մենք բոլորս ունինք մեր անձնական կարծիքները, սակայն կարեւոր է գիտնալ, թէ Հայաստանի քաղաքացիները ի՞նչ կը մտածեն այս հարցումերուն մասին: 2018-էն մինչեւ 2023 անոնց  ընկալման մէջ մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են:
Յարութ Սասունեան
Արեւելահայերէնի թարգմանեց` Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան