ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի աշխատանքներուն հետեւանքով Պելճիքայի Ֆլամանական խորհրդարանի արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովին Արցախի մասին բանաձեւ ընդունուած է՝ Ատրպէյճանի կողմէն արգելափակուած Լաչինի միջանցքին անյապաղ բացման եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զօրքերու դուրսբերման պահանջներով։

Բանաձեւին մէջ արձանագրուած է, որ Լաչինի միջանցքը, Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կապող կենսական կարեւոր օղակ է, որ արգելափակման ենթարկուած է Ատրպէյճանի կողմէն։ Շրջափակումը մարդկային ճգնաժամ կը յառաջացնէ Արցախի տեղաբնիկ հայ բնակչութեան համար եւ կը խոչընդոտէ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներուն, մարդասիրական օգնութեան մուտքն ու տնտեսական կարելիութիւնները։ Ֆլամանդական խորհրդարանի արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովը ընդունած է հարցին հրատապութիւնը եւ կոչ կ’ուղղէ Ատրպէյճանին` անյապաղօրէն վերացնելու շրջափակումը` ապահովելով ապրանքներու, ծառայութիւններու հոսքն ու մարդոց տեղաշարժը միջանցքէն։

Աւելին, բանաձեւին մէջ ընդգծուած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական ուժերու անյապաղ դուրսբերման անհրաժեշտութիւնը։ Նշուած է, որ ինքնիշխան պետութեան սահմաններուն մէջ օտարերկրեայ զինուորական ուժերու ներկայութիւնը միջազգային իրաւունքի խախտում է եւ ինքնիշխանութեան սկզբունքներու խաթարում։ Բանաձեւը կոչ կ’ուղղէ Եւրոպական Միութեան` դրդել Ատրպէյճանին դադրեցնելու իր թշնամական քաղաքականութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ եւ ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, որ կանգնած է ցեղասպանութեան վտանգի առջեւ։

Բանաձեւին նախաձեռնող, Ֆլամանական խորհրդարանի անդամ Ալեսիա Քլեյս, որ կը ներկայացնէ Նոր ֆլամանական «Ալիանս» կուսակցութիւնը, անդրադառնալով բանաձեւի ընդունմանը, նկատած է. «Ես շատ գոհ եմ, որ խորհրդարանի արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովը հաւանութիւն տուած է հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան՝ ներառեալ Լաչինի միջանցքի փակման եւ մարդկային իրավիճակի մասին մեր բանաձեւին։

Մենք միասնական ենք՝ դատապարտելու շարունակուող պատերազմը եւ կոչ կ’ուղղենք բոլոր կողմերուն արդիւնաւէտ քննարկումներուվ յառաջ ընթանալ դէպի կայուն խաղաղութիւն»:

Բանաձեւի քննարկումներու ընթացքին խորհրդարանի անդամ եւ բանաձեւի համահեղինակ Քարլ Վանլաուէն մասնաւորապէս դիտել տուած է. «Այս բանաձեւը հայ համայնքին հետ բազմաթիւ զրոյցներու եւ ֆլաման լրագրող Յենս ՏԷ Ռեյքին հետ քննարկումներուն հետեւանք է, որուն անցած շաբաթ հիւրընկալած էինք յանձնաժողովին մէջ։ Ան ներկայացուցած է Կովկասի մէջ աւերիչ հակամարտութիւնը։ Լաչինի միջանցքի ներկայիս շրջափակումը իսկական մարդկային ճգնաժամ է։ Ատիկա պէտք է դադրի հիմա»։

Անդրադառնալով բանաձեւին՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան յայտնած է. «Մենք բարձր կը գնահատենք ֆլաման պատգամաւորներուն աշխատանքը, մասնաւորապես անոնց, որոնք առաջնորդող դեր խաղցած են եւ անխոնջ կերպով հանդէս եկած են ատրպէյճանական յարձակումին, ինչպէս նաեյ Արցախի ցեղային զտումներու քաղաքականութեան դէմ։ Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը հաւասար է անոր կեանքի իրաւունքին, որ պէտք է անզիջում կերպով պաշտպանել»։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
14.06.2023թ.