Եւրոպական Խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին, միտքերու փոխանակման ժամանակ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները քննադատական հարցեր ուղղած են Եւրոմիութեան արտաքին հարցերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէֆ Պորելին՝ Արցախի բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէն կիրառուող շրջափակման եւ այս առնչութեամբ Եւրոմիութեան քաղաքականութեան մասին:

Նիստի ընթացքին ելոյթ ունեցած խորհրդարանականներու մեծամասնութիւնը վերահաստատած է ատրպէյճանական յարձակումին դէմ Եւրոմիութեան աւելի խիստ դիրքորոշման անհրաժեշտութիւնը եւ դատապարտելու Ատրպէյճանի ցեղային զտումներու քաղաքականութիւնը։

Անոնք դատապարտած են Եւրոմիութեան ղեկավարութեան անգործութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ առնչուած եւ նկատած են Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան ներկայիս առաքելութեան անարդիւնաւէտութիւնը։ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները կոչ ուղղած են Եւրոմիութեան ղեկավարութեան՝ օգտագործելու իր լծակները՝ վերացնելու համար Լաչինի միջանցքի շրջափակումը, որ յանգեցուցած է մարդկային ճգնաժամի։ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները նաեւ կոչ ուղղած են պատժամիջոցներ կիրառելու Ատրպէյճանի նկատմամբ, որ չի յարգեր միջազգային համաձայնագիրերն ու դատական ատեաններու որոշումները։ Տեսակէտներ հնչած են, որ Եւրոմիութեան գործադիր իշխանութիւնը կարծես ի վիճակի չէ պատշաճ կերպով դատապարտելու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հիմնարար իրաւունքներու լուրջ խախտումները։

Անդրադառնալով նիստին` ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նկատած է. «Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն կողմէն գործադրուող ճնշումներուն հետեւանքով Ժոզեֆ Պորել յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի կողմէն շրջափակումը շարունակելու պարագային պատժամիջոցներ կիրառելու անհրաժեշտութեան մասին խնդրանքը պիտի փոխանցէ Եւրոմիութեան նախարարներուն։ Մենք բարձր կը գնահատենք Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն շարունակական ջանքերը, որոնք իրենց կարելիութիւններուն չափով տէր կը կանգնին Արցախի տեղաբնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքներուն: Ափսոս միայն, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ Հայաստանի կողմէն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման մասին յայտարարութիւնը օգտագործուած է հակահայկական դիրքորոշում ունեցող պատգամաւորներուն, ինչպէս նաեւ Պորելի կողմէն՝ հակազդելու Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն օրինական մտահոգութիւններուն»։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
14.06.2023թ.