ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան եւ Եղիա Թաշճեան այսօր` 3 Յուլիս 2023-ին այցելեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ փոխդեսպան Հերմոկենես Լոփեզի հետ:

Պատուիրակութիւնը իր շնորհաւորութիւնը փոխանցեց Սպանիոյ Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը ստանձնելուն առիթով: Փոխդեսպան Լոփեզ նշեց, որ մարմինը առաջինն է, որ այս առիթով կապ կը հաստատէ Սպանիոյ դեսպանատան հետ:

Աւելի քան կէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութեան անդամները ներկայացուց դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր Բերձորի միջանցքի փակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական տագնապը` ընդգծելով, որ Ատրպէյճան կ՛անտեսէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին ու Արդարութեան միջազգային դատարանին Բերձորի միջանցքը վերաբանալու եւ Արցախի պաշարումը վերացնելու պահանջները:

Հայ դատի պատուիրակութիւնը` ներկայացնելէ ետք Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ հռետորաբանութիւնները, արարքներն ու նոր յարձակումներու պատրաստութիւնը, իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի հարցին Հելսինքիի վերջնական հռչակագիրի հիմամբ լուծման` նշելով, որ Պաքուն կ՛անտեսէ այդ հռչակագիրի երեք սկզբունքներէն երկուքը` ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքն ու բռնարարքերէ հրաժարումը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի անդամները ընդգծեցին, որ կնքուելիք որեւէ պայմանագիր եւ որեւէ լուծում պէտք է նկատի ունենայ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը` աւելցնելով, թէ որեւէ այլ լուծման պարագային Արցախը եւս պիտի մատնուի Նախիջեւանի ճակատագիրին:

Սպանիոյ փոխդեսպանը հասկացողութիւն ցուցաբերեց` նշելով, որ Սպանիա կը զօրակցի Միջազգային օրէնքին եւ «ձեր նշած Հելսինքիի վերջնական հռչակագիրին»:

Ան յայտնեց, որ կը հասկնայ Արցախը «Նախիջեւան 2 »-ի վերածուելու նկատմամբ պատուիրակութեան մտավախութիւնը, եւ խոստացաւ Հայ Դատի Մարմինի մտահոգութիւններն ու տեսակէտները փոխանցել Մատրիտին ու Երեւանի մէջ Սպանիոյ դեսպանատան գործավարին:

Սպանիոյ փոխդեսպանը ՀՅԴ Հայ Դատի Մարմինը հրաւիրեց որեւէ նոր զարգացումի պարագային իր տեսակէտներու փոխանցման համար դեսպանատան հետ կապի մէջ մնալու: