(6 Յունիս 1903, Թիֆլիս – 1 Մայիս 1978, Մոսկուա)

«Կեանքի մէջ չափազանց շատ կը մտածենք, չափազանց քիչ կը զգանք։ Իսկ հայկական երաժշտութիւնը ջինջ զգացումներու անվերջ ովկիանոս է…»
Չառլի Չափլին
 
Արամ Խաչատուրեան բազմիցս խոստովանած է, որ եթէ երաժշտութիւնը իրեն ամբողջապէս չկլանէր, թերեւս դառնար թատրոնի դերասան: Մեծն երաժիշտը կը համարէր, որ ունի առաքելութիւն՝ տարբեր երկիրներու մէջ ներկայացնել հայ արուեստն ու մշակոյթը, միաժամանակ ծանօթանալ այլ երկիրներուն հանրածանօթ դէմքերու հետ: 
Ուշագրաւ է, որ ան եղած է ԽՍՀՄ առաջին քաղաքացին, որ հանդիպած է Հռոմի Պապ Յովհաննէս 23-րդին 1963-ին, երբ տակաւին չկային դիւանագիտական յարաբերութիւններ Խորհրդային Միութեան եւ  Վատիկանի միջեւ: Իսկ երբ այցելած է Իրան, համերգին ներկայ գտնուած է Իրանի Ռեզա Շահ Փահլաուին՝ իր տիկնոջ հետ:
Արամ Խաչատուրեանին ընդունած են նաեւ Պելճիքայի Էլիզապէթ թագուհին, դերասան Չառլի Չափլինը, վիպասան Էռնեստ Հեմինկուէյը եւ շատ այլ մեծութիւններ:
Խաչատուրեան մշտապէս կապ պահած է այնպիսի մեծութիւններու հետ, որոնք կը հետաքրքրուէին իր արուեստով։
Այս տարի երաժըշտական աշխարհը յիշատակեց Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակը: Խաչատուրեանի երաժշտութիւնը կը շարունակէ հընչել աշխարհի ամենահեղինակաւոր բեմերէն, լաւագոյն երաժիշտներու կատարմամբ:
6, 7 եւ 8  Յունիսին, Երեւանի քաղաքապետարանը Օփերայի եւ Պալետի ազգային ակադեմիական թատրոնի հետ միատեղ կարելիութիւն ընձեռնեց վայելելու Խաչատուրեանական երեկոները բաց երկնքի տակ: Բարձր մակարդակով կազմակերպուած ելոյթները տեղի ունեցան Երեւանի Թումանեանի անուան այգիին մէջ։ 
Հանճարեղ երաժշտագէտի պալետային գլուխգործոցները՝ «Գայիանէ»-ն, «Դիմակահանդէս»-ը եւ «Սպարտակ»-ը հազարաւոր հանդիսատեսները տեղափոխեցին Խաչատուրեանական կախարդական աշխարհ:
Արամ Խաչատուրեան համաշխարհային լայն ճանաչում ունեցող հայ դասական երաժշտութեան վառ ներկայացուցիչն է: Մեծն  երաժիշտի ստեղծագործութիւնները ունին հայկական մեղեդիական գիծեր:
 Արդ, Խաչատուրեանական երաժշտութիւնը հայկական արմատ ունեցող  վեհութիւն է, լոյս է, յոյս է, սէր է  եւ  ամենակարեւորը՝ ազգային մեծ ժառանգութիւն է։
Ալին Մոմճեան