ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ պասքեթի աւարտական քառեակի առաջին հանդիպումին, Դամասկոսի մէջ Ուահտէն 66 -53 արդիւնքով պարտութեան  մատնեց Նաուաիրը:
–  Սուրիոյ ֆութպոլի դաշնութիւնը ողոմպիական հաւաքականի մարզիչ նշանակեց Եգիպտացի Թամէր Հասանը, որ փոխարինեց Մարք Ֆոթէն։ Աւելցնենք, որ Ֆոթէն պաշտօնազուրկ եղաւ վերջին շրջանին հաւաքականի արդիւնքներու ձախող ընթացք ունենալուն համար:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

ԻՆԹԸՐ ՄԱՅԱՄԻՆ  ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍԱՒ  ԺՈՐՏԻ ԱԼՊԱՅԻ ՀԵՏ
Ըստ Mundo Deportivo-ի տեղեկութիւններուն, Պարսելոնայէն հեռացած Ժորտի Ալպան մօտ օրէն պիտի միանայ Ինթըր Մայամիին: Ամերիկեան ակումբը համաձայնութեան հասաւ 34-ամեայ սպանացի պաշտպանին հետ: Ժորտի Ալպան ունի ազատ գործակալի կարգավիճակ եւ անվճար կը միանայ ամերիկեան  ակումբին։ Աւարտած մրցաշրջանին Ալպա  Պարսելոնայի  հետ մասնակցած է 30 հանդիպման, նշանակած է 2 կոլ եւ կատարած  6 կոլային փոխանցում։ Յառաջիկային,  Ինթըր Մայամիին կը միանայ նաեւ աշխարհի ախոյեան Արժանթինի հաւաքականի 35-ամեայ յարձակող Լիոնէլ Մեսսին, ան այս մասին կատարած է պաշտօնական յայտարարութիւն:
ՍՊԱՆԻԱ ԴԱՐՁԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտական մրցումին Սպանիոյ հաւաքականը 5/4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քրուաթիոյ կազմը եւ տիրացաւ Եւրոպայի ազգերու ախոյեանութեան: Հանդիպումի հիմնական ժամանակը 0 – 0 հաւասար աւարտելէ ետք, զոյգ խումբերը դիմեցին 11 մեթր հարուածներու, որուն աւարտին Սպանիան կրցաւ 5 – 4 արդիւնքով պարտութեան մատնել մրցակիցը եւ առաջին անգամ ըլլալով տիրանալ Եւրոպայի ազգերու ախոյեանութեան, որուն առաջին բաժակակիրը եղած է Փորթուկալը՝ 2018 – 2019 տարեշրջանին: Աւելցնենք, որ երրորդ դիրքը գրաւեց Իտալիան՝ 3 – 2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հոլանտային:
ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԹԻԱՖՕ ՇՏՈՒՏԿԱՐՏԻ ԲԱՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Գերմանիոյ մէջ կայացած Շտուտկարտի թենիսի բաց մրցաշարքի ախոյեանութեան աւարտին, ամերիկացի Ֆրանսիս Թիաֆօ 6 – 4 / 7 – 6 / 6 – 7 արդիւնքներով պարտութեան մատնեց գերմ անացի Եան Լինարտը եւ տիրացաւ մրցաշարքի ախոյեանութեան: Հանդիպումի 2 ժամ 10 վայրկեան տեւողութեան, ամերիկացի մարզիկը ներկայացաւ յաջող խաղարկութեամբ եւ կրցաւ տիրանալ իր մարզական կեանքի առաջին կոչումին խոտադաշտի վրայ: Աւելցնենք, որ Թիաֆօ արհեստավարժ թենիս խաղացողներու աղիւսակի 12-րդն է:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան