Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը խստիւ դատապարտեց պաղեստինեան Ժընին քաղաքին մէջ Իսրայէլի ոճիրները։ Նախարարութիւնը աւելցուց. «Վերջին շաբաթներուն Իսրայէլ սաստկացուց պաղեստինեան հողերուն վրայ իր ոճիրները, անոնցմէ վերջինը Ժընինի մէջ տեղի ունեցաւ, ուր զոհուեցան եւ վիրաւորուեցան շուրջ 100 քաղաքացիներ» ։