ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութեան աւարտական քառեակի մրցումներուն Հալէպի Ահլի եւ Դամասկոսի Ուահտէ խումբերը իրենց տեղերը գրաւեցին աւարտական մրցումին: Խումբերը կէս աւարտական հանգրուանին կրցան արձանագրել երկու յաղթանակ եւ մէկ պարտութիւն:
– Սուրիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտին Հալէպի Հուրիէ եւ Թարթուսի Սահէլ խումբերը մրցաշրջանը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք բարձրացան Ա. դասակարգ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼԸ ՄՈՏՐԻՉԻՆ ՀԵՏ ՆՈՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ
Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտ ակումբի պատասխանատուները  նոր պայմանագիր ստորագրեցին 37-ամեայ քրուաթացի կիսապաշտպան Լուքա Մոտրիչին հետ, տեղեկացուց  cope.es-ը։ Պաշտօնական յայտարարութիւնը տեղի պիտի ունենայ  յառաջիկայ շաբաթ։ Կողմերը համագործակցութիւնը պիտի երկարաձգեն մինչեւ 2024 թուականի Յունիս: Սպանիոյ աւարտած առաջնութեան Մոտրիչը մասնակցեցաւ 33 հանդիպումի, նշանակելով 4 կոլ, եւ կատարելով 3 կոլային փոխանցում։ Այս ամիս Արքայական ակումբը արդէն երկարաձգեց  պայմանագրերը սպանացի կիսապաշտպան Տանի Սեբալէոսի, սպանացի պաշտպան Նաչո Ֆերնանտէզի եւ գերմանացի կիսապաշտպան Թոնի Քրոսի հետ, ինչպէս նաեւ ձեռք բերաւ  անգլիացի կիսապաշտպան Պէլէնկհամը:
ԼՈՒԻՍ ԷՆՐԻՔԷՆ ՓԱՐԻԶ ՍԱՆ ԺԵՐՄԱՆԻ ՄԱՐԶԻՉ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ
Ֆրանսայի բազմակի ախոյեան Փարիզ Սան Ժերմանի պատասխանատուները ֆութպոլի խումբի մարզիչ որոշեցին Սպանիոյ հաւաքականի նախկին մարզիչ Լուիս Էնրիքէն: Ֆրանսական «Լո Փարիզեան» թերթը նշեց թէ այս շաբթուան աւարտին ակումբը պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ կազմի նորանշանակ մարզիչը: Ըստ աղբիւրին զոյգ կողմերը համաձայնած են պայմանագրի բոլոր յօդուածներուն, ինչպէս նաեւ համաձայնաբար չեղեալ պիտի նկատեն ներկայ մարզիչ Ճալթէի հետ եղած պայմանագիրը որ կ’աւարտէր 2024-ի կէսին, եւ ան պիտի ստանայ վեց միլիոն եւրօ նիւթական փոխանակում: Նշենք, թէ Էնրիքէն արդէն իսկ ակումբի պատասխանատուներուն հետ կը սերտէ որոշ խաղացողներու անուններ, որոնք պիտի միանան ֆրանսական ակումբին:  «Լո Փարիզեան» թերթը յիշեց նաեւ, թէ Փարիզ Սան Ժերմանը  22 Յուլիսէն 2 Օգոստոսին Ճափոնի մէջ ուսումնամարզական հաւաք պիտի կատարէ Էնրիքէի գլխաւորութեամբ:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան