Մենք չենք ակնկալեր, որ այս նստացոյցով բոլոր հարցերը լուծուին, բայց առնուազն հանրային պահանջ կարելի է ձեւակերպել: Բողոք արտայայտելու իմաստով ասիկա մեծ անհրաժեշտութիւն է այս պահուն. NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան` անդրադառնալով Հինգշաբթի տեղի ունենալիք մէկօրեայ նստացոյցին:
Աւելցնենք, որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կը նախաձեռնէ 24 ժամեայ նստացոյց` Հայաստանի Հանրապետութեան ԱՄՆ-ի, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպանատուներուն եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան դիմաց: Նստացոյցին նպատակն է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներէն եւ Եւրոմիութենէն պահանջել չբաւարարուիլ լոկ յայտարարութիւններով, այլ գործուն քայլերու ձեռնարկել Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը անյապաղ վերացնելու համար:
«Մեր 120 հազար հայրենակիցները առանց բաւարար սնունդի, դեղորայքի կանգնած են ցեղային զտման եւ ցեղասպանութեան առջեւ, իսկ միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է համապատասխան գնահատական տալ եւ քայլերու ձեռնարկել: Այս է մեր նպատակը՝ անտարբեր ու լուռ չհետեւիլ Արցախի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն: Այս հարցերը լուսարձակի տակ բերելու իմաստով այս նստացոյցը կարեւոր է: Ձեռնարկը պիտի եզրափակուի ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին դիմաց», ըսաւ Սաղաթէլեան:
Պատասխանելով յն հարցումին, թէ ինչո՛ւ այս գծով կառավարութեան չեն դիմեր, այլ միջազգային հանրութեան, Սաղաթէլեան յայտնեց, որ այս վիճակը ստեղծուած է օրուան իշխանութեան վարած քաղաքականութեան պատճառով եւ այդ ուղղութեամբ նոյնպէս քայլեր պիտի ձեռնարկուին: