ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Պասքեթի Միջազգային Դաշնութիւնը՝ FIBA-ն, իրաւունք տուաւ Սուրիոյ՝ հիւրընկալելու Ֆրանսայի ողոմպիական խաղերու Ասիոյ զտման մրցումները, որոնք սկիզբ պիտի առնեն 12 Օգոստոսին:  Աւելցնենք, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին Դամասկոս այցելեց Ասիոյ Պասքեթի Դաշնութեան ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեանը, որ հանդիպումներ ունեցաւ Սուրիոյ պասքեթի պատասխանատուներուն հետ:
 – Դամասկոսի Ուահտէի պասքեթի խումբին միացաւ Լիբանանի հաւաքականի եւ Ռիատի խումբի խաղացող Ամիր Սուուտը՝ մաս կազմելու աւարտական փուլի մրցումներուն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ 
ԻՒՐԻԿ ՅՈՎԷԵԱՆ` ԸՄԲՇԱՄԱՐՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆ 
Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Իւրիկ Յովէեան ոսկի մետալ նուաճեց Սպանիոյ մէջ ընթացող մինչեւ 20 տարեկաններու Եւրոպայի առաջնութեան: 63 քկ. ծանրութիւն ունեցող մարզիկը եզրափակիչ մարտին մեծ դժուարութեամբ յաղթեց մոլտովացի Վիտալի Երոմիենկոյին: Իւրիկ Եւրոպայի ախոյեան հռչակուեցաւ լրացուցիչ ցուցանիշով: Նոյն մրցաշարքին, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, 87 քկ. ծանրութիւն ունեցող Վիգէն Նազարեան, արծաթէ մետալ նուաճեց: Եզրափակիչ մրցամարտին հայ մարզիկը 4-5 հաշիւով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց վրացի Աչիկօ Փոլկվաձէիէն: Ան բաւարարուեցաւ արծաթէ մետալով:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՄՊԱՓԷՆ ՌԻԱԼԷՆ ՊԱՀԱՆՋԵՑ 240 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՕ
Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սան Ժերմանի եւ Ֆրանսայի հաւաքականի 24-ամեայ յարձակող Քիլիան Մպափէի ներկայացուցիչները լրջօրէն կը շարունակեն Ռէալ Մատրիտի հետ բանակցութիւնները: Ըստ սպանական մամլոյ տեղեկութիւններուն, Մպափէ արքայական ակումբէն պահանջած է պայմանագրութեան ժամկէտի ընթացքին աշխատավարձի եւ նուէրներու նիւթական գումարը հասցնել 240 միլիոն եւրոյի։ Եթէ այս ամրան անոր փոխադրութիւնը իրականացուի, Ռէալ նաեւ 180-200 միլիոն եւրօ պէտք է վճարէ ֆրանսական ակումբին:
Ռէալի ղեկավարները Մպափէի հետ պիտի բանակցին, եթէ ան չերկարաձգէ պայմանագրութիւնը փարիզեան ակումբին հետ եւ յաջորդ ամրան անվճար միանայ մատրիտեան խումբին:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան