Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շարունակուող լարուածութիւնը նպաստած է ղարաբաղեան հիմնահարցի բանակցային գործընթացին ԱՄՆ օրէնսդիրներու աւելի աշխոյժ ներգրաւումին։ Այս երկարատեւ հակամարտութիւնը լուծելու ուղղութեամբ դրական քայլեր ձեռնարկելու նպատակով խումբ մը քոնկրեսականներ, Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի ջանքերուն հետեւանքով, շարք մը օրէնսդրական փոփոխութիւններ առաջարկած են ԱՄՆ ազգային պաշտպանական արտօնութիւններու շարժումին, որոնք կոչուած են խթանելու ամերիկեան քաղաքականութեան հաշուետուողականութիւնը, պաշտպանելու մարդու իրաւունքները եւ պահպանելու ուժի հաւասարակշռութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Փոփոխութիւններու առաջարկները պիտի քննարկուին, պիտի որոշուին քուէարկութեան Ներկայացուցիչներու պալատի լիագումար նիստին։

Քալիֆորնիայն ընտրուած քոնկրեսական Աննա Էշույի կողմէն առաջարկուած 947-րդ երկկուսակցական օրէնսդրական փոփոխութիւնը, որ համահովանաւորուած է 11 այլ քոնկրեսականներու կողմէն նպատակ ունի ուսումնասիրել ԱՄՆ կառավարութեան կողմէն «Ազատութեան Աջակցութեան Շարժումի» 907-րդ յօդուածի (907-րդ բանաձեւ) հրաժարումը: Ուշադրութիւն դարձնելով առաջարկի հիմնաւորումը, յատկապէս տարածաշրջանին մէջ շարունակուող բռնութիւններու եւ մարդկային ճգնաժամերու լոյսին տակ, հասկնալի է, որ օրէնսդրական փոփոխութիւնը նպատակ ունի հետեւողական ըլլալու, որ ամերիկեան օգնութիւնը օգտագործուի ոչ թէ հակամարտութիւններ հրահրելու, այլ խաղաղ լուծումներ խրախուսելու նպատակով:

Քալիֆորնիայէն ընտրուած քոնկրեսական Թոնի Քարտենասի կողմէն առաջարկուած 1087-րդ երկկուսակցական օրէնսդրական փոփոխութիւնը, որ համահովանաւորուած է 5 այլ քոնկրեսականներու կողմէն, կոչ կ’ուղղէ զեկոյց կազմելու, որ պիտի ուսումնասիրէ Ատրպէյճանի կողմէն ԱՄՆ զէնքի արտահանման օրէնքներու եւ միջազգային հարցերու հնարաւոր խախտումները: Այս օրէնսդրական փոփոխութիւնը պիտի նպաստէ միջազգային օրէնքի գերակայութեան պահպանման եւ պիտի երաշխաւորէ, որ ոչ մէկ կողմ առանց հետեւանքներու չշրջանցէ ընդունուած միջազգային ձեւաչափերը:

Քալիֆորնիայէն մէկ այլ քոնկրեսականի՝ Ատամ Շիֆի կողմէն առաջարկուած թիւ 1127-րդ երկկուսակցական օրէնսդրական փոփոխութիւնը, որ համահովանաւորուած է 10 այլ քոնկրեսականներու կողմէն, նպատակ կը հետապնդէ սահմանափակում մտցնել ԱՄՆ կառավարութեան կողմէն Ատրպէյճանին տրամադրուող յարձակողական, անվտանգային կամ զինուորական ճարտարագիտական արտահանման նոր ուժերու վրայ: Այս փոփոխութիւնը լայն իմաստով կը վերահաստատէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգավորման միակ ճանապարհը խաղաղ բանակցութիւններն են, այլ ոչ թէ զինուորական մօտեցումները:

1132-րդ երկկուսակցական օրէնսդրական փոփոխութիւնը, որ համահովանաւորուած է 10 այլ քոնկրեսականներու կողմէն կրկին առաջարկուած է Շիֆի կողմէն, նպատակ ունի արտայայտել Քոնկրեսի քաղաքական կամքն առ այն, որ Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան ուղղուած որեւէ լուծում պէտք է յարգէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ինքնորոշման իրաւունքը: Սա ներառելով օրէնսդրութեան մէջ՝ Քոնկրեսը կը պաշտպանէ մարդոց՝ իրենց քաղաքական կարգավիճակը որոշելու եւ իրենց տնտեսական, ընկերային և մշակութային զարգացման ազատօրէն հետամուտ ըլլալու համընդհանուր իրաւունքը:

1160-րդ երկկուսակցական օրէնսդրական փոփոխութիւնը, որ համահովանաւորուած է 17 այլ քոնկրեսականներու կողմէն եւ կրկին Շիֆի կողմէն, ուշադրութեան կեդրոնը կը դնէ Ատրպէյճանի կողմէն մարդու իրաւունքներու խախտումները եւ անոր շուրջ Քոնկրեսի կոշտ դիրքորոշումը: Ատրպէյճանին կոչ ուղղելով անյապաղ եւ անվերապահօրէն վերադարձնել բոլոր հայ ռազմագերիները եւ գերեւարուած խաղաղ բնակիչները՝ Քոնկրեսը ոչ միայն կը մեկնի միջազգային իրաւունքի սկզբունքներէն, այլեւ կը նպաստէ մարդկային արժանապատուութեան ու արդարութեան պահպանումին։

Այս եւ այլ առաջարկուող օրէնսդրական փոփոխութիւնները, որ նպաստած են հաշուետուողականութեան բարձրացումին, խաղաղ բանակցութիւններուն եւ ընդգծած են Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան կարեւորութիւնը, արտացոլած են Քոնկրեսի համապարփակ մօտեցումը՝ լուծելու ղարաբաղեան հակամարտութեան հետ առնչուած կնճռոտ հարցերը: Անոնք անգամ մը եւս կը յիշեցնեն աշխարհաքաղաքականութեան մէջ ԱՄՆ օրէնսդիրներու առանցքային դերին եւ ողջ աշխարհի խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը խթանելու անոնց անսասան յանձնառութիւնը:

Նուէր Սաղաթէլեան