Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Ատրպէյճանի կողմէն ռազմատենչ ու յարձակողական հռետորաբանութեան աշխուժացման մասին։ Յայտարարութեան մէջ ըսուած է․

«Վերջին շրջանին Ատրպէյճանի պետական կառոյցներն ու կառավարութեան կողմէն վերահսկուող լրատուամիջոցները լայնածաւալ ապատեղեկատուական արշաւ սկսած են՝ նպատակ ունենալով մոլորեցնել միջազգային հանրութիւնը եւ պատրուակ ստեղծել Արցախի Հանրապետութեան եւ անոր ժողովուրդին դէմ նոր յարձակումին համար։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակին մասին յօրինելով եւ յառաջ մղելով կեղծ խօսոյթներ՝ Ատրպէյճան, ըստ էութեան, ժխտած է Արցախի ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան անքակտելի իրաւունքը եւ կը ձգտի զայն զրկել սեփական անվտանգութեան ապահովման բոլոր միջոցներէն եւ կարելիութիւններէն՝ Պաքուի կողմէն Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ մշտական սպառնալիքներու եւ զինուորական սադրանքներու պայմաններուն տակ։

Հակառակ այն հանգամանքին, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբը արցախեան կողմէն հրադադարի խախտում երբեք չէ արձանագրած՝ պաշտօնական Պաքուն կը շարունակէ իր դիրքերը գնդակոծելու մասին կեղծ մեղադրանքներ ներկայացնել Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հասցէին եւ միեւնոյն ատեն սաստկացնել յարձակողական ու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը՝ անով իսկ տեղեկատուական եւ քարոզչական հող նախապատրաստելով Արցախի Հանրապետութեան դէմ նոր յարձակումի համար: Անոր մասին կը վկայէ նաեւ այն փաստը, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն հետեւողականօրէն մերժել առաջարկները՝ Արցախ՝ Լաչինի միջանցք ուղարկել միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն, որ կը կարենայ տեղւոյն գնահատել իրավիճակը եւ միջազգային հանրութեան ներկայացնել իրականութեան առարկայական պատկերը:

Արցախի նկատմամբ նման անթաքոյց ռազմաքաղաքական սպառնալիքը՝ հրադադարի դրութեան շարունակական խախտումները, ցեղային ատելութեան եւ խտրականութեան հրահրումն ու քարոզչութիւնը, հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, երթեւեկայիկ եւ ուժանիւթի ամբողջական շրջափակումը, ինչպէս նաեւ Լաչինի միջանցքին մէջ ատրպէյճանական հսկիչ անցակէտի ապօրինի տեղադրումը անընդունելի են եւ կը հանդիսանան 9 Նոյեմբեր 2020-ի Եռակողմ յայտարարութեամբ Ատրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ Արդարադատության միջազգային դատարանի 22 Փետրուար 2023_ի որոշման կոպիտ խախտում։

Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի յարձակողական եւ ապակայունացնող գործողութիւնները նպատակ ունին նաեւ թոյլ չտալ, որ ստեղծուին պայմաններ կողմերու միջեւ հաւասարութեան ու բարեխղճութեան վրայ հիմնուած կառուցողական երկխօսութեան եւ հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ գործընթացի վերսկսումին համար:

Լիակատար անպատժելիութենէն և ամենաթողութենէն ոգեւորուած՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները հաշիւի չեն առներ միջազգային հանրութեան ոչ մէկ կոչ ու յայտարարութիւն՝ ապակառուցողական գործողութիւններու անթոյլատրելիութեան եւ բոլոր վիճելի հարցերը կառուցողական երկխօսութեան միջոցով լուծելու անհրաժեշտութեան մասին։ Այս առումով անընդունելի կը համարենք, որ միջազգային հանրութիւնը եւ, մասնաւորապէս, Ռուսիոյ Դաշնութիւնը, որուն խաղաղապահ զօրախումբը տեղակայուած է Արցախի մէջ եւ որուն անվտանգութեան երաշխիքներով 2020 թուականի պատերազմէն յետոյ տասնեակ հազարաւոր արցախցիներ վերադարձած են հայրենիք, առանց պատշաճ ուշադրութեան եւ արձագանգի ձգեն Ատրպէյճանի սպառնալիքները:

Այս առնչութեամբ կրկին կ’ընդգծենք, որ միջազգային հանրութեան պատասխանատու անդամները եւ, մասնաւորապէս, խաղաղ գործընթացի մէջ ներգրաւուած բոլոր դերակատարները պէտք չէ անտեսեն եւ աւելի եւս՝ որոշակի յայտարարութիւններով խրախուսեն Ատրպէյճանի կողմէն իր միջազգային պարտաւորութիւններու խախտումները, Արցախի ժողովուրդին դէմ իրականացուող ցեղային զտումներու քաղաքականութիւնը, որ կրնայ վերաճել աւելի լայնածաւալ յանցագործութեան։ Համոզուած ենք, որ միայն Ատրպէյճանի գործողութիւններու պատշաճ եւ միանշանակ քաղաքական արժեւորումը, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան կողմէն Ատրպէյճանի միջազգայնօրէն հակաիրաւական գործողութիւններու կանխումը ուղղուած յստակ եւ արդիւնաւէտ միջոցներու ձեռնարկումը թոյլ կու տան պայմաններ ստեղծելուվԱրցախի ժողովուրդի իրավունքներուն ու անվտանգութեան ապահովման եւ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման համար»։