ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ ֆութպոլի հանրապետական բաժակի աւարտական մրցումին, Լաթաքիոյ Թըշրինը 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Դամասկոսի Ուահտէն եւ կրցաւ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրանալ բաժակին: Հանդիպումի միակ կոլը նշանակեց Խալէտ Մըպայէտը:
– Ասիոյ աղջկանց 16 տարեկանէ վար տարիքի ախոյեանութեան առաջին հանդիպումին, Սուրիոյ կազմը, որուն մաս կը կազմէին նաեւ ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբի խաղացողներ Լիլիթ Սարգիսեանն ու Միրելա Չափարեանը, խաղցաւ Քորէայի հաւաքականին դէմ։ Խաղը աւարտեցաւ 58 – 91 արդիւնքով, ի նպաստ Քորէայի հաւաքականին:
– Ալճերիոյ մէջ տեղի ունեցած արաբ երկիրներու մրցաշարքին, Սուրիոյ ֆութպոլի ողոմպիական հաւաքականը յաջողեցաւ փոխանցուիլ կիսաւարտական փուլ՝ 4 – 2 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Մորիթանիան: Սուրիոյ կոլերը նշանակեցին Հաւաքականի խմբապետ Մարտիկ Մարտիկեանը, Հազուան Օսմանը եւ Մուհամետ Ռիհանիյէն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԺՈՐԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ՝ ԾԱՆՐԱՄԱՐՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆ
Հայաստանի ծանրորդ Ժորա Գրիգորեան առաջին ոսկի մետալը նուաճեց Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ ընթացող ծանրամարտի Եւրոպայի պատանեկան առաջնութեան: 61 քկ. ծանրութիւն ունեցող մարզիկը 17 տարեկաններու մրցաշարքի երկամարտին բարձրացուց  244 քկ. եւ գրաւեց առաջին տեղը: Ան ոսկի մետալ նուաճեց նաեւ հրումի վարժութեան (135 քկ.), իսկ պոկումի վարժութեան (109 քկ.) գրաւեց 3-րդ դիրքը՝ արժանանալով պրոնզէ մետալի: Նոյն ծանրութեան կարգին հանդէս եկած հայ երկրորդ ծանրորդը՝ Սամուէլ Մարտիրոսեանը, երկամարտի 234 քկ. արդիւնքով գրաւեց 4-րդ հորիզոնականը: Նշենք, որ Հայաստանի ծանրորդ Կառլէն Դաւթեան (49 քկ.) իր ծանրութեան կարգին գրաւեց  3-րդ տեղը:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան