Ատրպէյճանական «Պաքու» պատկերասփիւռի ընկերութիւնը եղանակի տեսութեան ընթացքին Հայաստանը կը ներկայացնէ որպէս Ատրպէյճան։ Այս մասին Թուիթըրի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Պատալեան։

«Դրացի երկիրի ինքնիշխանութեան նկատմամբ տարածքային հաւակնութիւններու եւս մէկ բացայայտ քարոզչութիւն. «Պաքու» պատկերասփիւռի ընկերութեան եղանակի տեսութեան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ներառեալ մայրաքաղաք Երեւանը, կը ներկայացուի որպէս Ատրպէյճան։ Հիւանդ պատրանքները եւ թշնամական հռետորաբանութիւնը պէտք է կտրականապէս մերժուին», գրած է Պատալեան։