7 Յուլիսին` տեղւոյն ժամը 22:00-ին, Մարտակերտի շրջանի Աղաբեկալանջ գիւղի բնակիչ Վ. Ն.-ն, ոստիկանութեան դիմած է, տեղեկացնելով որ իր երկու մանուկները` 3 տարեկան Լ. Ն. եւ 6-ամեայ Գ.Ն., նոյն օրը ժամը 14:00-ի սահմաններուն թողած է տունը` առանց հսկողութեան եւ ինք աշխատանքի բերումով մեկնած է Մարտակերտ։

Ժամը 17:30-ի սահմաններուն վերադարձած է տուն եւ տեսած է, որ երեխաները տունը չեն։

Հաղորդումը փոխանցուած է նաեւ Արտակարգ Իրավիճակներու Պետական ծառայութեան շրջանային բաժին, որմէ վերջ միատեղ սկսած են երեխաներու որոնման աշխատանքները։

8 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 07:30-ին, Մարտակերտ քաղաքի բնակիչ Ա.Գ.-էն ահազանգ եկած է, որ Գ.Նժդեհ փողոցին մէջ իրեն պատկանող «BMW» մակնիշի մեքենային մէջ մահացած 2 երեխայ յայտնաբերուած է։

Կանչի վայր մեկնած ոստիկանութեան ծառայողները պարզած են, որ Ա. Գ.-ն ժամը 07:25-ի սահմաններուն, ստուգելու նպատակով բացած է նոյն փողոցին մէջ տեղակայուած իրեն պատկանող նշեալ մեքենային դուռը, ուր յայտնաբերած է 7 Յուլիսէն անյայտ կորսուած երեխաներուն դիերը:

Կատարուած քննութեամբ, ստուգուած են բոլոր նկարահանման սարքերը, որոնք հաստատած են, որ երեխաները իրենք իրենց մտած են Մարտակերտ քաղաք, այնուհետեւ բացած են նշեալ մեքենային ետեւի դուռը, քնացած են նստարանին վրայ։ Նախնական տուեալներով մահուան պատճառ հանդիսացած է մեքենայի բարձր ջերմաստիճանը։

Ստուգումով կը զբաղի քննչական կոմիտէն։