Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Շաբաթ, 8 Յուլիս 2023-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ միջնակարգի ամավերջի հանդէսը: Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան, բարեսիրական, մարզական, միութիւններու ներկայացուցիչներ, Ճեմարանի խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը:
Հանդէսը բաց յայտարարուեցաւ ու ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին նահատակներուն յիշատակը: Երգչախումբը հանդէսին բացումը կատարեց Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով:
Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սէրլի Մկրտիչեան, որ անդրադարձաւ Ճեմարանէն ներս երեք տարիներու ուսումնական եւ ընկերային կեանքին, իսկ արաբերէն խօսքով Բարտի Ժամկոչեան շնորհակալութիւն յայտնեց կրթական մշակներուն եւ տնօրէնութեան, ինչպէս նաեւ խնամակալութեան եւ սրբազան հօր՝ Ճեմարանին թեւ ու թիկունք կանգնելնուն համար:
Հանդէսը նուիրուած էր Արցախին:
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի 9-րդ կարգի երգչախումբը յաջորդաբար ներկայացուց փունջ մը հայերէն եւ արաբերէն երգեր, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:
Երգչախումբին յաջորդեց Արցախի պատմամշակութային կոթողներու ներկայացումը, ապա շրջանաւարտները հանդէս եկան խմբային հայերէն եւ արաբերէն ասմունքներով:
Տաղանդաշատ խումբ մը շրջանաւարտներ ջութակով ու դաշնամուրով ներկայացուցին հայրենասիրական երգեր:
Արաբերէն ուղերձը ընթերցեց Սելինա Երէցեան: Ան 9-րդ կարգի աշակերտութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն՝ ողջ տարուան ընթացքին իրենց ցուցաբերած հոգատարութեան ու խնամքին համար: Ապա շնորհաւորեց իր դասընկեր, դասընկերուհիները եւ անոնց մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ:
Հայերէն ուղերձը ընթերցեց Արշալոյս (Արշի) Տիլպէրեան, որ ըսաւ. «Ամբողջացուցինք եւս փուլ մը, որ իւրայատուկ էր իր երանգով ու եռանդով, խինդով ու խանդով, զգացական բազմաբնոյթ պահերով: Անիկա կը տարբերէր մեր անցած մանկական փուլերէն եւ պիտի տարբերի երիտասարդութեան ու անոր յաջորդող կայարաններէն:
Մեր այս տարիքի զգացական դիւրաթեք աշխարհը յենարան գտաւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տաքուկ օջախին մէջ, անոր անդամներուն ջերմիկ հոգատարութեան ներքեւ:
Ի զուր չէ, որ հայկական վարժարանները սրբավայրեր կը համարենք, որովհետեւ հոս, հայկականութիւն բուրող այս յարկին տակ, մենք կը սորվինք մեր սրբազան տառերը, կը մշակենք մեր լեզուի մրգաստանը ու կը հարստացնենք զայն ոսկեղնիկի ախորժելի հատապտուղներով, կը մաքրենք մեր միտքերու մարգագետինը օտարամուտ սէզերէ եւ կ’ոռոգենք մեր մատղաշ կեանքի անդաստանները հայկական բարքերով ու աւանդութիւններով»:
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնուհի Զեփիւռ Րէիսեան նախ վերյիշեց իր ուսումնական տարին Ճեմարանի յարկին տակ, ապա որպէս տնօրէն իր աշխատանքի տարիները մանկապարտէզէն նախակրթարան, ապա Ճեմարան ու յուզումնախառն ապրումներով գնահատեց հայ դպրոցին դերը հայ անհատի կերտումին եւ անոր հոգեմտաւոր աշխարհի զարգացումին մէջ: Տնօրէնուհին ըսաւ, որ այս տարին անցուցինք բաւական դժուար պայմաններու մէջ, հազիւ թօթափած պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքները, բոլորս ցնցուեցանք Սուրիան հարուածած երկրաշարժին հետեւանքով ու Ճեմարանը դարձաւ անապահով մնացողներու օթեւան:
Ապա յիշեց երկրի տնտեսական ծանր վիճակը եւ դպրոցին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները ու անոնց յաղթահարման նպաստող բոլոր բարերարներուն ու Ճեմարանի Շրջ. Միութեան եւ Քալիֆորնիոյ Ընկերակցութեան ճիգերն ու նուիրական աշխատանքը: Տնօրէնուհին դիտել տուաւ, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կրթական նուիրեալ մշակներուն շնորհիւ ուսումնակրթական կեանքը շարունակուեցաւ: Ապա Րէիսեան ընթերցեց Ճեմարանի 2022-2023 ուսումնական տարուան տեղեկագիրն ու աշակերտներուն ձեռքբերումները ներկայացուց:
Ճեմարանի պետական տնօրէն Ապտուլ Համիտ ալ-Մասրի վեր առաւ երկրի դժուար պայմաններուն մէջ կրթական կեանքին անխափան ընթացքը եւ մաղթեց որ նորահաս սերունդները մասնակցին Սուրիոյ վերածաղկումին: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց սուրիական բանակին եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին, որոնց միասնական ջանքերով երկիրը թօթափեց պատերազմի հետքերը ու պիտի յաջողի դուրս գալ տնտեսական եւ այլ դժուարութիւններէ՝ շնորհիւ ուսեալ տարրին ստեղծագործ մտքին ու յառաջդիմութեան:
Ամէն տարի Ճեմարանի Շրջ. Միութիւնը կը պարգեւատրէ  միջնակարգի երեք կարգերու առաջնակարգ աշակերտները: Արդարեւ տնօրէնուհիին եւ Շրջ. Միութեան վարչութեան ատենադպրուհի Հուրի Տիլպէրեանի ձեռամբ նախ պարգեւատրուեցան 2021-2022 ուսումնական տարեշրջանի 9-րդ կարգի պետական քննութեան առաջնակարգ երեք հետեւեալ աշակերտները՝ Շողակ Խրոյեան (առաջին), Արփի Արապանեան (երկրորդ) եւ Նանոր Լախոյեան (երրորդ): Այս երեքը պարգեւներ ստացան նաեւ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան կողմէ:
7-րդ կարգէն պարգեւատրուեցան Ալինա Գրիգորեան (առաջին), Բալիկ Մարգէեան (երկրորդ) եւ Նարօտ Սաղպազարեան (երրորդ):
8-րդ կարգէն պարգեւատրուեցան Սանտրա Պապիկ (առաջին), Մինաս Գալայճեան (երկրորդ) եւ Փաթիլ Շաթոյեան (երրորդ):
Ճեմարանի 1977-ի շրջանաւարտներուն կողմէ պարգեւատրուեցան նաեւ 7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ կարգերու հայերէնագիտութեան գերազանց հետեւեալ աշակերտները.
7-րդ կարգէն Ալինա Գրիգորեան, Բալիկ Մարգէեան եւ Նարօտ Սաղպազարեան: 8-րդ կարգէն Մարիա Բրդոյեան, Փաթիլ Շաթոյեան եւ Ալիսիա Գասապեան: 9-րդ կարգէն Սէրլի Մկրտիչեան, Արշալոյս (Արշի) Տիլպէրեան եւ Սելինա Երէցեան:
Հասաւ ամէնէն ուրախալի պահը, երբ բեմ բարձրացան 2022-2023 տարեշրջանի 53 շրջանաւարտներ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ միջնակարգի իրենց վկայականը ստանալու համար: Միեւնոյն ատեն հայերէնագիտութեան առաջնակարգ ուսանողները տնօրէնութեան կողմէ գովասանագրերու արժանացան:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանը, որ իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն՝ յորդորեց օգտագործել Ճեմարանէն ներս ուսումնական իւրաքանչիւր տարի՝ առաւելագոյն գիտելիքներով զինուելու, սրընթաց զարգացող այս դարուն հետ քայլ պահելու եւ յառաջադէմ երիտասարդներ դառնալու, որպէսզի ե՛ւ անձնական, ե՛ւ ազգային իրենց կեանքին մէջ ստեղծագործ ներկայութիւն դառնան։
Հանդէսը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, կատարողութեամբ երգչախումբին, ապա սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:
Շրջանաւարտ
Արշալոյս (Արշի) Տիլպէրեան