Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Կիրակի, 9 Յուլիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Զ. Գաբրիէլեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ 2022-2023 տարեշրջանի վկայականաց բաշխման հանդէսը, որուն ընթացքին Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրորդական Վարժարանէն շրջանաւարտ դարձան Թ․ եւ ԺԲ․ կարգերու խոստմնալից հունձքեր: Երկրորդականի հունձքը կոչուեցաւ «Յովհաննէս Թումանեան» հունձք, յիշատակելով Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին 100-րդ տարելիցը: Հանդէսին ներկայ էին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Հալէպի սեփական դպրոցներու ընդհ. պատասխանատու Նուր Շամիէ, Պարտադիր ուսման կրթական քննիչուհի Մունա ալ-Իտ, Վարժարանի պետական տնօրէնուհի Ապիր Մուսան-Ատամ, Ազգ. Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան, Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան Խնամակալութեան ատենապետ Կարպիս Պարտաքճեան եւ խնամակալութեան անդամներ, վարժարանի Հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Ռաֆֆի Զէյթճեան եւ հոգաբարձութեան անդամներ, Վարժարանի տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեան եւ աշակերտներու ծնողներն ու հարազատները։
Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը Սուրիոյ եւ հայազգի նահատակներուն:
Արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով բացման խօսք արտասանեցին Թ․ կարգի խումբ մը աշակերտներ, որոնք ողջունեցին ներկաները եւ երախտագիտական խօսքերով լաւագոյնը մաղթեցին իրենց երկրորդ տունը հանդիսացող կրթօճախին, տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն:
Օրուան Հանդիսավարն էր Մարինա Պօղիկեան:
Շրջանաւարտներուն կողմէ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ անմահացուց որբերու հայրիկ, Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի անմար յիշատակը: Յայտագիրը ընդգրկեց մեներգ, նուագ, ազգային պար, ասմունք եւ թատերական պատկեր, որոնց ընդմէջէն շրջանաւարտները արտայայտեցին իրենց կապուածութիւնն ու սէրը մեր ազգային եւ մշակութային արժէքներուն նկատմամբ: Եռագոյն դրօշով ծածկուած Արարատ լերան պատկերը ներկայացնելով շրջանաւարտները վերանորոգեցին իրենց ուխտը՝ խոստանալով շարունակել հայ ժողովուրդին պահանջատիրական երթը: Հանդէսի յայտագիրին խօսքերը եւ թատերական պատկերը պատրաստած էր հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Նորա Տանակէօզեան-Մանսուրեան։ Բացման խօսքերու պատրաստութեան եւ հանդէսին օգտակար դարձաւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Լիլիթ Տոլմօղլեան-Փայասեանը: Արաբերէն ասմունքները պատրաստուած էին արաբերէն լեզուի դասատու Սոնիա Թահհանի կողմէ:
Աշակերտուհիներու հեզաճկուն շարժումներով եւ տղոց արիական ոճով ներկայացուցած պարերը խանդավառեցին ներկաները: Պարերը պատրաստուած էին տեսուչ Նայիրի Օհանեան-Մարգարեանի կողմէ, օժանդակութեամբ՝ Լիլա Աթաշեանի:

Այնուհետեւ, Վարժարանի աշակերտական երգչախումբը ներկայացուց Կրթասիրացի քայլերգը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ տնօրէնի օգնական Յովիկ Օհանեանի, որուն ջանքերով պատրաստուած էին նաեւ հանդէսի երաժշտական կատարումները:

Բեմ հրաւիրուեցաւ Վարժարանի պետական տնօրէնուհի Ապիր Մուսան-Ատամ փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Ան յայտնեց, թէ 99-ամեայ երթ ունեցող Կրթասիրաց Վարժարանը աշակերտներուն երկրորդ տունն է, ուր ուսման կողքին անոնք բարոյական արժէքներով կը դաստիարակուին: Տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնին, ուսուցչական եւ վարչական կազմերուն, որոնք հոգատարութեամբ աշակերտներուն քաջալեր կը հանդիսանան: Ան մաղթեց, որ շրջանաւարտները յաջողութեան երթով իրենց ներդրումը բերեն սուրիական հայրենիքի բարգաւաճման գործընթացին մէջ:

Իր սրտի խօսքը փոխանցեց Հալէպի սեփական դպրոցներու ընդհ. պատասխանատու Նուր Շամիէ: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց հանդէսի իր ներկայութեան համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնութեան, որոնք ջանք չխնայեցին աշակերտները այս հանգրուանին հասցնելու համար: Ան մաղթեց, որ անոնց անհատնում բարիքին եւ սիրոյն դիմաց բոլոր դժուարութիւնները վերանան: Տիկ. Շամիէ երախտագիտութիւն յայտնեց Սուրիոյ Վսեմաշուք Նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին, որ միշտ կը քաջալերէ գիտութիւնն ու ուսումը:

Այնուհետեւ, իր սրտի խօսքը փոխանցեց վարժարանի տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեանը: Ան անդրադառնալով 2022-2023 տարեշրջանի գործունէութեան յայտնեց, թէ վարժարանը իր ունեցած ուսումնակրթական բծախնդիր գործունէութեան առ ի գնահատանք պարգեւատրուեցաւ Հալէպի Կրթական Տնօրէնութեան կողմէ, որուն իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին, Ծնողաց Յանձնախումբին, քուլիսներու ետին աշխատողներուն, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի Հոգաբարձութեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Նպաստից Մարմինին, Ընկերային Ծառայութեան Խորհուրդին, Հ.Հ. Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան, Գ. Կիւլպէնկեան Հաստատութեան, Ամերիկայի Սանուց Միութեան, Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկին, Տորքաս հաստատութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին կրթօճախին: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, իր հայրական բարձր հովանաւորութեան եւ հոգատարութեան համար: Շնորհակալութիւն յայտնեց պետական կրթական տեսուչներուն, վարժարանի պետական տնօրէնուհիին, Հալէպի սեփական դպրոցներու ընդհ. պատասխանատուին, Հալէպի պետական կրթական տնօրէնին
եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ Տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին, անոր մաղթելով քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն:

Ապա, տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեանի եւ ընդհ. տեսուչ օրդ. Մարալ Դերձակեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ 2021-2022 տարեշրջանի միջնակարգի եւ երկրորդականի պետական քննութեանց բարձրագոյն նիշ ապահոված աշակերտներուն պարգեւատրումը, ինչպէս նաեւ «Անդրանիկ եւ Սոնա Պօղոսեաններ» մրցանակի տուչութիւնը՝ 7-րդ կարգէն մինչեւ 12-րդ կարգի հայերէն լեզուի եւ ընդհանուր նիւթերու մէջ առաջին երեք դիրքերը գրաւող աշակերտներուն: Տնօրէնը յատուկ գիրով պարգեւատրեց վարժարանի երկրորդական կարգի ֆրանսերէն լեզուի եւ կրօնի դասատու՝ Փոլին Տիքը, ուսուցչական ասպարէզէն թոշակի կոչուած ըլլալուն առիթով:

Այնուհետեւ, ԺԲ. կարգէն խումբ մը աշակերտներ հրաժեշտի խօսք արտասանեցին արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով: Հուսկ, տնօրէնը բեմ հրաւիրեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդը՝ կատարելու վկայականաց բաշխումը:

Հանդիսութեան աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց երկրորդականի սերունդը անմահանուն Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի անունով կոչելու գեղեցիկ մտայղացումը: Սրբազան Հայրը հաստատեց, թէ հանդէսի գեղարուեստական յայտագիրը իր բովանդակութեամբ ամենագեղեցիկ եւ ամենակատարեալ ներկայացումներէն մէկը հանդիսացաւ: Հետեւաբար, ան շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ հրաւիրեց ժողովուրդը զօրեղ ծափողջոյնով անգամ մը եւս գնահատելու իրենց գեղարուեստական կատարումը:
Մակար Սրբազան յիշեցուց, թէ Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին էութիւնը պատմելով երբ աշակերտները մատնանշեցին երեք յատկութիւններ՝ գեղեցկութիւն, արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն, խորքին մէջ անոնք աստուածային յատկութիւններ լուսարձակի տակ առին: Հետեւաբար, Թումանեանը ստեղծագործելով եւ իր կեանքը միաւորելով Աստուծոյ հետ՝ օրհնութիւն եւ բարիք դարձաւ հայ ազգին:
Խօսքը ուղղելով երկրորդականի շրջանաւարտներուն, Մակար Սրբազան մաղթեց, որ հզօր բանաստեղծին օրինակին հետեւելով ապրին հայրենասիրութիւնը, ազգասիրութիւնը, մեր ազգային, մշակութային եւ հոգեւոր արժէքները եւ այդ արժէքները կեանքի վերածելով ամէնօրեայ պայքարի ճամբով օրհնութիւն եւ բարիք դառնան իրենց հայրենիքին՝ Հայաստանին, Արցախին եւ Սուրիոյ:
Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Վարժարանի Հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու ծնողները, մաղթելով, որ շրջանաւարտները գիտութեան ճամբով նոր գագաթներ նուաճեն, ինչպէս նաեւ աշխատանքի ճամբով իրենց լաւագոյնը կատարեն, որպէսզի իրենց կեանքը պայծառակերպուի եւ յաջողութեամբ պսակուի:

Հանդէսէն ետք, աշակերտները «Ճալաա» բացօթեայ ճաշարանէն ներս Սրբազան Հօր ներկայութեամբ այս առիթով պատրաստուած կարկանդակը հատեցին եւ իրենց ընտանիքներուն ու ուսուցիչներուն հետ հրաժեշտի հաճելի ժամեր անցուցին: Խրախճանքի հանդիսավարութիւնը կատարեցին հայերէն լեզուով՝ տեսուչ Նայիրի Օհանեան-Մարգարեանը, իսկ արաբերէն լեզուով՝ տնօրէնի օգնական Յովիկ Օհանեանը: