«Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցին մէջ ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի մամլոյ քարտուղար Էլիզապէթ Չուլճեան ըսած է, որ ԱՄՆ վարչակազմին ու Քոնկրէսին մեր պատգամը յստակ է՝ պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանի նկատմամբ եւ դադրեցնել զէնքի մատակարարումը:

Հայ Դատի Յանձնախումբի աշխատանքը պիտի շարունակուի Ծերակոյտին մէջ․ «Բարեփոխումները յետաձգուած են։ Մեզմէ շարունակական աշխատանք կը պահանջուի․ երկու փուլ ունինք: Մեր աշխատանքները ի նպաստ Արցախի են»: