ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԿԱՄՕ ՈՒՆԱՆԵԱՆԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ՆՈՒԻՐԱԾ Է ՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ԱՐՑԱԽՑԻՆԵՐՈՒՆ
Հայաստանի Քարաթէի Միութիւնը կը յայտնէ, որ Խրխզիստանի մէջ 15 Յուլիսին տեղի ունեցաւ EFC Global 33 MMA մարզաձեւի խոշոր միջազգային մրցաշարքը, ուր նախատեսուած էր, որ հայ մարզիկ Կամօ Ունանեանը մենամարտեր պրազիլացի անուանի մարզիկ Ռոտրիկէս Ռոնտինելլիի հետ: Մենամարտէն մէկ օր առաջ պրազիլցի մարզիկը անյայտ պատճառներով հրաժարած է մենամարտի մասնակցիլ Կամօ Ունանեանի հետ: Վերջին պահուն կազմակերպիչները Ունանեանի համար գտած են նոր մրցող մը:
Այսպիսով, EFC Global 33 MMA մարզաձեւի խոշոր միջազգային մրցաշարքին Կամօ Ունանեան մրցած է Խրխզիստանի MMA-ի ախոյեան 19-ամեայ Տեմիրլան Էմիրլանովի հետ: Մենամարտը տեւած է ընդամէնը 40 վայրկեան, քանի որ Ունանեան նաքաունտի ենթարկած է Էմիրլանովը:
Մենամարտէն ետք, Կամօ Ունանեան յայտարարած է, որ այս յաղթանակը կը նուիրէ 200 օրէն աւելի Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակման մէջ գտնուող արցախցիներուն:
Յիշեցնենք, որ MMA մարզաձեւին մէջ այս Կամօ Ունանեանի 3-րդ յաղթանակն է: Ան MMA մարզաձեւով սկսած է զբաղիլ 2023-ին եւ արդէն արձանագրած է 3 յաղթանակ ու ոչ մէկ պարտութիւն:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՔՐԻՍՏԻԱՆՕ ՌՈՆԱԼՏՕՆ ԿԸ ԳԼԽԱՒՈՐԷ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱԲԱՐՁՐ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒՈՂ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒՆ ՑՈՒՑԱԿԸ 
Ռեքորտներու պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ 2017 -էն ի վեր առաջին անգամ (եւ ընդհանուր առմամբ 3-րդ անգամ) ըլլալով Փորթուկալի ֆութպոլի հաւաքականի եւ արաբական «Ալ-Նասր» ակումբի աւագ Քրիստիանօ Ռոնալտօն գլխաւորած է Forbes-ի՝ աշխարհի ամենաբարձր վարձատրուող մարզիկներուն ցուցակը՝ արժանանալով Գինեսի ռեքորտներու տիտղոսին՝ որպէս 2023 -ին տարեկան ամենաբարձր հասոյթը ապահովող մարզիկ:
ԻՆԹԸՐ-Ը ՎԵՐՍԿՍԱԾ Է ՄԱՐԶՈՒՄՆԵՐԸ
Իտալական Միլան քաղաքի Ինթըր ակումբը մէկամսեայ դադարէն ետք վերսկսած է մարզումները:
Այս մասին կը յայտնէ ակումբի մամլոյ ծառայութիւնը:
Ինթըրի հիմնական կազմի ֆութպոլիստները իրականացուցած են իրենց առաջին մարզումը, որուն մասնակցած է նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին աւագ Հենրիկ Մխիթարեանը:
Ֆութպոլի Իտալիոյ 2023/24 մրցաշրջանը կը սկսի 19 Օգոստոսին: Ինթըր մրցաշարքի առաջին խաղին կը մրցի Մոնցայի հետ: Խաղը տեղի կ’ունենայ 19 Օգոստոսին եւ կը սկսի Երեւանի ժամանակով 22:45-ին: