ՀՀ արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան դիմատետրի ուղիղ եթերով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին դիմած է՝ պարզելով, որ ինչպէ՛ս կարելի է փոխել բանակցային օրակարգը։

«Դուն շուտով պիտի հանդիպիս Ալիեւին Պրիւքսէլի մէջ՝ Շառլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Ես շատ որոշակի առաջարկ ունիմ քեզի եւ կը կարծեմ, որ Պրիւքսէլի մէջ դուն կարելիութիւն ունիս բանակցային տրամաբանութիւնը, օրակարգը, ընթացքը փոխելու։ Մինչեւ երթալդ կրնաս յայտարարութեամբ արդէն անոր մասին խօսիլ, կամ կը կարծեմ՝ աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ բանակցութիւններու սկիզբը՝ Շառլ Միշէլի եւ Ալիեւի ներկայութեամբ, հետեւեալ յայտարարութիւնը ընես․ «Հակառակ անոր, որ Փրակի մէջ (ասոնք քու խօսքերն են, ես կը մէջբերեմ, կ’առաջարկեմ, որ ըսես) ես ստորագրած եմ յայտարարութիւն, որով կը ճանչնամ Ատրպէյճանի տսրածքային ամբողջականութիւնը՝ ներառեալ Արցախը՝ վկայակոչելով 1991_ի Ալմաաթայի հռչակագիրը, ամենայն դէպս, նկատի առնելով, որ այդ հռչակագիրը բազմակողմ հռչակագիր է եւ ոչ թէ երկկողմ՝ երկու երկիրներու միջեւ պայմանագիր, ես կը կարծեմ, որ այդ հռչակագիրին մէջ տեղ գտած տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման գործօնը չի կրնար ամուր հիմք ծառայել՝ համարելու, որ Հայաստան արդէն ճանչցած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ ներառեալ Արցախը», առաջարկած է Վարդան Օսկանեան։

Վարդան Օսկանեան ըսած է, որ անկէ վերջ Նիկոլ Փաշինեան կրնայ շարունակել խօսքը․

«Եւ այստեղ ես լրիւ քու տրամաբանութեան բառապաշարը կու տամ, կրնաս շարունակել՝ ըսելով, որ ես՝ Փաշինեանս, կը մնամ իմ նոյն տեսակէտին, որ ես պատրաստ եմ ճանչնալու Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, եթէ բանակցութիւնները ընթանան այնպիսի հունով, որ իրօք հիմք պիտի ստեղծեն երկու ժողովուրդներուն միջեւ արդար եւ կայուն խաղաղութեան։ Ուստի ես՝ Փաշինեանս, կ’առաջարկեմ, որ մեր բանակցային օրակարգին վրայ անպայման տեղ գտնէ այն փաստն ու հանգամանքը, որ սովետական շրջանին Արցախը ունեցած է ինքնավար կարգավիճակ։ Ես հիմա կ’առաջարկեմ, որ բազմաթիւ այլ օրակարգային հարցերէն, զորս Ատրպէյճան ներդրած է, մենք ներառենք նաեւ այս հանգամանքը»։

Վարդան Օսկանեան վստահութիւն յայտնած է, որ այս առաջարկը էն առաջ շատ լաւ կը հասկնայ Շառլ Միշէլը։