Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովէն կը յայտնեն, որ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան պաշտօնական ուղերձով դիմած է բարեկամ երկիրներու խորհրդարաններու ղեկավարներուն։

Արցախեան խորհրդարանի անունով իր յարգանքի հաւաստիքը յայտնելով գործընկերներուն՝ Թովմասեան դիմած է Արցախի Հանրապետութեան համար ճակատագրական նշանակութիւն ունեցող հարցի՝ անկախութեան ճանաչումին աջակցելու խնդրանքով։

Փաստելով, որ նոյնիսկ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ու եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն ետք, Արցախի խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան սպառնացող վտանգները ոչ միայն չեն նուազած, այլև զգալիօրէն աւելցած են, Արթուր Թովմասեան ներկայացուցած է երկրին առջև ծառացած լրջագոյն գոյաբանական սպառնալիքները, ստեղծուած իրավիճակը գնահատած որպէս լիակատար շրջափակման մէջ գտնուող արցախահայութեան հայրենազրկման վտանգ և այս գծով ահազանգած է միջազգային հանրութեան։

Արցախի խորհրդարանի ղեկավարը խորապէս համոզուած է, որ ողբերգութենէն խուսափելու միակ միջոցը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն է՝ «Ճանաչում յանուն փրկութեան» սկզբունքին հիման վրայ։

Ան վստահեցուցած է իր գործընկերներուն, որ ճանաչման համար բոլոր անհրաժեշտ հիմքերը կան ու ներկայացուցած է անոնց ամենակարեւորները։

Թովմասեան համոզմունք յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններու կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը հայ բնակչութեան համար ապահովութեան վստահելի երաշխիք կը դառնայ, կը նպաստէ իր պատմական հայրենիքին մէջ անոր բնականոն կենսագործունէութեան համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման, ինչպէս նաև հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ կայունութեան, երկարաժամկէտ ու հաստատուն խաղաղութեան իրականացման։