«Արմէնփրէս»._ Վիեննայի մէջ սկիզբ առած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկի առանձնազրոյցը։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Անի Պատալեան։

«Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի այցելութիւնը Վիեննա մեկնարկած է Հայաստանի եւ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարներու առանձնազրոյցով, որուն պիտի յաջորդեն ընդլայնուած կազմով հանդիպումը եւ յայտարարութիւնները մամուլի համար», դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Պատալեան: