Որպէս համաեւրոպական հասարակական կազմակերպութիւն, որ կը ներկայացնէ Եւրոպայի մէջ հայկական սփիւռքի զգալի մասը, ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակը իր խոր հիասթափութիւնն ու վրդովմունքը յայտնած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի վերջին յայտարարութեան առնչութեամբ` Ատրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին հետ եռակողմ հանդիպումէն վերջ, 15 Յուլիս 2023-ին:

Շառլ Միշէլին այն մոտեցումը, ըստ որուն Աղտամէն Արցախ «մարդասիրական» մատակարարումներ իրականացնելու ատրպէյճանական պայմանը կը հաւասարանայ Լաչինի միջանցքի բացման կարեւորագոյն հարցին, մեծ սխալ է։ Որպէս Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներ՝ մենք կը դատապարտենք նախագահ Միշէլի աջակցութիւնը ատրպէյճանական օրակարգին, այն է՝ օգտագործել Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհը որպէս Արցախահայութեան այսպէս կոչուած «մարդասիրական օգնութիւն» տրամադրելու ուղի․ այն հայ բնակչութիւնը, որուն Ատրպէյճանը, ահաբեկելով եւ շրջափակման մէջ պահելով, աւելի քան եօթ ամիս կը փորձէ մատնել սովի։ Ատրպէյճանը փաստացիօրէն աստիճանաբար կը սեղմէ Արցախի բնակչութեան շուրջ մահաբեր օղակը՝ շարունակ մղելով յուսահատութեան ։

Եւրոպական խորհուրդի նախագահը, արտայայտելով ԵՄ աջակցութիւնը ատրպէյճանական օրակարգին, ոչ միայն կ’օրինականացնէ վարչակարգի ցեղային զտումներու քաղաքականութիւնը, այլեւ հակասութեան մէջ կը մտնէ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճիռին հետ, որով Ատրպէյճանին յանձնարարուած էր անյապաղօրէն վերացնել Լաչինի միջանցքի շրջափակումը։ Այս յայտարարութիւնը նաեւ կ’անտեսէ Մարտ 2023_ին Եւրոխորհրդարանի ընդունած բանաձեւը, որ կոչ կ’ուղղէ ԵՄ խորհուրդին պատժամիջոցներ կիրառելու Ատրպէյճանի կառավարութեան անդամներուն նկատմամբ, եթէ Ատրպէյճանը անյապաղօրէն չկատարէ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22 Փետրուարի հրամանը: ԵՄ ղեկավարութեան այս մօտեցումը թոյլ կու տայ Պաքուին խուսափելու ճնշումներէն Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման հարցով։

15 Յուլիսին Շառլ Միշէլի մամլոյ յայտարարութիւններուն մէջ կան այլ խիստ խնդրայարոյց դրոյթներ՝ անոր կողմէն «Ղարաբաղ» եզրի օգտագործումը «Լեռնային Ղարաբաղ»-ի փոխարէն, որ քաղաքական նշանակութիւն եւ աշխարհագրական յստակ սահմաններ ունեցող տարածք է: Բացի անկէ, սն կը խուսափի պատշաճ կերպով անդրադառնալու 120.000 խաղաղ բնակիչներու աղէտալի մարդկային իրավիճակին, չի շեշտեր Ատրպէյճանի պարտաւորութիւնները միջազգային հանրութեան առջեւ, չ’անդրադառնար Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան միջազգային երաշխիքներուն անհրաժեշտութեան, ինչպէս գերիներու վերադարձի կարևորութեան:

14 Յուլիսին, եռակողմ հանդիպումին ընդառաջ, եւրոպական 470 կազմակերպութիւններ՝ ներառեալ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը, բաց նամակով դիմած են նախագահ Միշէլին՝ վեց որոշումներ պահանջներով, որոնք ուղղուած են Արցախի ժողովուրդի հիմնարար եւ անձեռնմխելի իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Թէեւ մենք երախտապարտ ենք հաստատուած հաղորդակցութեան համար, որպէս ԵՄ քաղաքացիներ յոյս ունէինք, որ ատիկա պիտի բերէ որոշակի արդիւնքներ։ Աւաղ, մամուլի յայտարարութեան բովանդակութիւնը հակառակը կ’ապացուցէ։

Խաղաղութեան համար միջնորդութիւնը չի կրնար հիմնուած ըլլալ պատերազմին պարտուած կողմին շարունակական զիջումներ պարտադրելու տրամաբանութեան վրայ՝ միաժամանակ դանդաղօրէն առաջնորդելով Ատրպէյճանի կործանարար քաղաքականութիւնը։ Այս մօտեցումը ԵՄ-ին կը դարձնէ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան մեղսակից։ Որպէս ԵՄ քաղաքացիներ՝ մենք կոչ կ’ուղղենք ԵՄ ղեկավարութիւնը անյապաղօրէն դադրեցնելու նմանաբնոյթ մօտեցումները, քանի որ բոլոր անոնք, որոնք ներգրաւուած են բանակցային գործընթացին մէջ, կը կրեն ուղղակի պատասխանատուութիւն արդիւնքներուն համար։

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը Շառլ Միշէլին կոչ կ’ուղղէ վերանայելու իր յայտարարութիւնը՝ նկատի առնելով վերը նշեալ հանգամանքները։ Առանց համապատասխան վերանայման նախագահ Միշէլի միջնորդական ջանքերը կողմնակալ են: Մենք տակաւին յոյս ունինք, որ արդարութեան ձայնը լսելի պիտի ըլլայ, մարդու արժանապատուութիւնն ու իրաւունքներու հաւատարմութիւնը Եւրոմիութեան համար դատարկ սկզբունք չէ, որով վերջինս կ’առաջնորդուի, երբ այն կը համընկնի իր քաղաքական շահերուն հետ: