ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով 28 Յուլիսին գումարուած է ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի առցանց նիստ` քննարկելու Արցախի Հանրապետութեան շահերու պաշտպանութեան գծով Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու կողմէ իրականացուող աշխատանքներու լայն շրջագիծը:
Մասնաւորապէս քննարկուած են տարբեր աշխարհամասերու մէջ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ առանձին երկիրներու մէջ հայութեան շահերու պաշտպանութեան ուղղուած աշխատանքներու ընթացքը:
Բացման խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան կարեւոր նկատած է դժուարին այս օրերուն ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու աշխատանքներու աշխուժութեան պահպանումը քանի մը ուղղութիւններով` մասնաւորապէս Արցախի շուրջ արտաքին զօրակցութեան ապահովում, հիմնախնդիրին վերաբերեալ արտերկրի մէջ առարկայական տեղեկատուութեան ապահովում եւ ազրպէյճանական քարոզչական սադրանքներու հակազդում, Լաչինի (Քաշաթաղի) միջանցքի ապաշրջափակում եւ Արցախին միջազգային մարդասիրական օժանդակութիւն, Ատրպէյճանի վրայ միջազգային ճնշման ուժգնացում, Ատրպէյճանի եւ անոր ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրարկում:
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի անդամները, իւրաքանչիւրը իր մասով, նախ ներկայացուցած է յանձնախումբերուն ու գրասենեակներուն կողմէ ինչպէս ընթացքի մեջ գտնուող, այնպէս ալ յառաջիկայ աշխատանքները, ապա անդրադարձ կատարուած է հայկական պետութիւններուն շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակին վրայ ազդեցութիւն ունեցող ներքին ու արտաքին զարգացումներուն եւ անոնց յաղթահարման մարտավարութեան: