ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԱՊՀ ԵՐԿՐՈՐԴ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ 8 ՄԵՏԱԼ ՆՈՒԱՃԵՑ
«Արմէնփրես».- Պելառուսի մէջ ԱՊՀ երկրորդ խաղերուն Հայաստանի Հաւաքականը 8 մետալ նուաճած է: Հայաստանի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն աւելի քան 140 պատանի մարզիկներ հետեւեալ մարզաձեւերուն մէջ. Բռնցքամարտ ազատ եւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ, ճիւտօ, քարաթէ, աթլեթ, լող,վոլէյպոլ, ծովափնեայ վոլէյպոլ, սամպօ, նետաձգութիւն, հրաձգութիւն, խոտի հոքէյ եւ մարմնամարզութիւն: Հայաստանի հաւաքականը 6-րդն է իր ութ մետալներով:
Խաղերու փակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 13-ին:
ԸՄԲԻՇ ԿՆԵԱԶ ԻՊՈՅԵԱՆԸ ՅԱՂԹԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔ ՄՐՑԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ
Յորդանանի մէջ ընթացող ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական առաջնութեան մրցումներուն Հայաստանի ներկայացուցիչ Կնեազ Իպոյեանը 1/8 երզափակիչ խաղերուն ընթացքին 3:2 հաշիւով յաղթեց ատրպէյճանցի մարզիկին: Քառորդ եզրափակիչի ընթացքին Իպոյեան 6:3 հաշիւով յաղթելով թուրք մրցակիցին անցաւ կիսաեզրափակիչ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ 100 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՈՆ ԳԵՐԱԶԱՆՑԱԾ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄՆԵՐԸ
Ստորեւ կը ներկայացնենք ֆութպոլի պատմութեան ընթացքին 100 միլիոն եւրոն գերազանցած 16 փոխանցումները.
Նէյմար 222 միլիոն եւրօ «Պարսելոնա»-էն «Փարիզ Սան Ժերման» 2017թ.
Քիլիան Էմպափփէ 180 միլիոն եւրօ «Մոնաքօ»-էն «Փարիզ Սան Ժերման» 2017թ.
Ֆիլիփփէ Քուոթինիօ 135 միլիոն եւրօ «Լիվըրփուլ»-էն «Պարսելոնա» 2018թ.
Օսման Տեմպելէ 135 միլիոն եւրօ «Պորուսիա Տորթմունտ»-էն «Պարսելոնա» 2017թ.
Ժօաու Ֆելիշ 135 միլիոն եւրօ «Պենֆիքա»-էն «Չելսի» 2019թ.
Էնզու Ֆերնանտէս 121 միլիոն եւրօ «Պենֆիքա»-էն «Չելսի» 2023թ.
Անթուան Կրիզման 120 միլիոն եւրօ «Աթլեթիքօ Մատրիտ»-էն «Պարսելոնա» 2019 թ.
Ճեգ Կրիլիշ 117,5 միլիոն եւրօ «Ասթոն Վիլլա»-էն «Մանչեսթըր Սիթի» 2021թ.
Քրիստիանօ Ռոնալտօ 117 միլիոն եւրօ «Ռէալ Մատրիտ»-էն «Իւվենթուս» 2018թ.
Տեքլան Ռայս 116,60 միլիոն եւրօ «Ուէսթ Համ»-էն «Արսենալ» 2023թ.
Էտեն Ազար  115 միլիոն եւրօ «Չելսի»-էն «Ռէալ Մատրիտ» 2019թ.
Ռոմելօ Լուքաքու 113 միլիոն եւրօ «Ինթըր Միլան»-էն «Չելսի» 2021թ.
Փօլ Փոկպա 105 միլիոն եւրօ «Իւվենթուս»-էն «Մանչեսթըր Իւնայթըտ» 2016թ.
Ճուտ Պելինկհեմ 103 միլիոն եւրօ «Պորուսիա Տորթմունտ»-էն «Ռէալ Մատրիտ» 2023թ.
Կարրէթ Պէյլ 101 միլիոն եւրօ «Թոթըհամ»-էն «Ռէալ Մատրիտ» 2013թ.
Հարրի Քէյն 100 միլիոն եւրօ «Թոթընհամ»-էն «Պայերն Միւնիխ» 2023թ.