Սուրիոյ նախագահ, սուրիական բանակի ընդհանուր հրամանատար Պաշշար ալ-Ասատ սուրիական բանակի հիմնադրութեան 78-ամեակին առիթով խօսք ուղղեց բանակի հերոսներուն ըսելով։ «Սուրիական բանակի մե՛ր հերոսներ, կ՚ողջունեմ ձեզ։ Ձեր տօնին 78-ամեակն է այսօր. դուք տարուէ տարի կը փաստէք, որ պատասխանատուութեան տէր էք, մեր երկրին ներկան ու ապագան պահպանողներն էք եւ մեր նախնիներուն պատուաբեր անցեալին օրինակով հպարտալի կեցուածքներ ու ձեռքբերումներ արձանագրող հերոսներն էք։
Ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը շարունակէք մնալ պատուաւորներուն եւ ազատասէրներուն յոյսը, յաղթանակի բարձրագոյն օրինակը։ Ձեր ուժով եւ պայքարով ապշեցուցիք թշնամին նախքան բարեկամը եւ ձեր արձանագրած յաղթանակներով պատուաբեր էջեր արձանագրեցիք մեր հզօր բանակին հպարտալի պատմութեան մէջ։ Ձեզմով, մե՛ր հերոսներ, մեր ժողովուրդին պայքարով ու երկրին հանդէպ ունեցած սիրով, զոհողութեամբ եւ նուիրումով Սուրիան միշտ իր պատուաբեր պատմութեան արժանի դիրքին վրայ պիտի մնայ, որովհետեւ Սուրիան, մեր հայրենիքը, արժանի է իր զաւակներու տքնաջան աշխատանքին ու պայքարին։
Կը շնորհաւորեմ իւրաքանչիւր սպայ, աստիճանաւոր սպայ ու զինուոր եւ Ամենակալէն կը խնդրեմ, որ շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ վիրաւորներուն եւ լոյսի մէջ հանգչեցնէ նահատակներուն հոգիները։