Բազկի Եւ Մտքի Հզօրանքները
Նախորդ սիւնակներուն մէջ, ըստ բաւականին (կարելի չէ սպառիչ ըլլալ) խօսեցանք ազգի բոլոր ուժերը, մասնագէտներու եւ հայրենիքի շահերուն նախանձախնդիր ձեռքերու միացման հրամայականին մասին՝ իբրեւ առաջին նախադըրեալ: Հիմա քայլ առ քայլ կանգ առնենք՝ դարձեալ հպանցիկ անկարկներով՝ աշխատանքի այն դաշտերուն առջեւ, ուր պիտի յանդգնին ոտք կոխել փրկարար աշխատանքը յանձն առնողը, անոր կողքին կանգնողները:
Իբրեւ ընդհանուր հաստատում, արձանագրենք հետեւեալը. Ազգային Փրկութեան ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ կառավարութիւնը նկատի պիտի ունենայ երկու մեծ ոլորտ՝ ՆԵՐՔԻՆ ԿԵԱՆՔ (բոլոր մարզերով) եւ ԱՐՏԱՔԻՆ ԱՇԽԱՐՀ (հիմնականին մէջ՝ դիւանագիտական ոլորտը):
Կասկածէ վեր է, որ Հայաստան, իբրեւ ազգային պետականութիւն, վերջին տարիներուն անկումէ անկում ու կորուստէ կորուստ գնաց, «շնորհիւ» անատակներու եւ հայրենիք հասկացութեան անհաղորդներու խմբակին, որ արդարացուց այն մեղադրանքը, թէ այս խմբակը երկրի ղեկին բերուած է այլոց, նա՛եւ թշնամիներու շահերուն ծառայելու համար: Ո՛չ մէկ կասկած, որ փրկարար աշխատանքը կրնայ սկսիլ միայն այն ատեն, երբ այս վարչախումբը հեռանայ-հեռացուի իշխանութենէն:
Այս նախապայմանը ընդունիլ՝ չի նշանակեր, որ Փաշինեանի ու «ուսապարկեր»-ուն հեռացումը ինքնաբերաբար մոգական գաւազանի ազդեցութիւն պիտի ունենայ եւ տագնապները, դժուարութիւնները, ճափոնական ինքնագործ կառաշարի մը պէս, պիտի երթան դէպի լուծում: Ընդհակառակն. այս խմբակին հեռացումը պիտի նշէ միայն սկիզբն երկանց:
Փաստօրէն, անչափելի կորուստներ արձանագրուած են զինուժի, քաղաքական-դիւանագիտական, տնտեսական (բազում մարզերով), ընկերային, մշակութային եւ, մէկ խօսքով՝ երկրի մը կեանքը մարմնաւորող գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ (ձախաւեր կուպրապատումները շատ բան չեն փրկեր…): Յստակ է, որ գործի կանչուելիք մասնագէտները իրենց դիմաց պիտի գտնեն առաջին եւ երկրորդ կարգի… առաջնահերթութիւններ: Սա բնականաբար կ’ենթադրէ համընդհանուր զօրաշարժը: Տեղ մը նշեցինք, որ ճատրակի աշխարհին մէջ, հայը իր փառաւոր տեղը գրաւած է ու կը պահէ: Հիմա, ճատրակի հետեւողութեամբ՝ մեր կարողականութիւնը պիտի դրուի ի սպաս հայրենիքին, ամբողջ Հայաստանին ու ազգին, փրկութեան եւ ապագայի կերտման: Եւ քանի կը խօսինք միտքի հզօրանքին մասին, շեշտենք, որ մտաւորականները հիմնական դեր մը ունին յաջորդ՝ վերականգնումի փուլին հունաւորման մէջ, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ըրաւ Արցախեան շարժումը առաջնորդող սերունդը, իսկ անկէ տասնամեակներ առաջ՝ «Մեր հողերը, մեր հողերը» շարժումը վերականգնողները (հապա Հայկական Զարթօնքը կերտողնե՞րը…):
Առնենք ոլորտ առ ոլորտ, սկսելով ներքին դաշտերէն (պիտի ընտրենք մէկ քանին):
Բանակ Եւ Զինուժ
Ո՛չ մէկ կասկած, որ մեր բանակն ու զինուորական տարազ կրող միւս միաւորները, ներառեալ ներքին ապահովութեան ուժերը, կը կարօտին լիակատար վերաարժեւորման եւ վերազինման: Զինուժի երկու գլխաւոր թեւերը՝ բանակ եւ ներքին ապահովութեան ուժեր, տարբեր որակի հարուածներ եւ վարկաբեկումներ կրած են: Բանակը ահաւոր կորուստներ կրեց 44-օրեայ պատերազմին (պատերազմի նախօրեակին կը խօսուէր շուրջ 60 հազար բանակայիններու մասին): Շուրջ 5 հազար նահատակ, աւելի քան 10 հազար վիրաւոր-հաշմանդամ, այսինքն՝ բանակին կարողութեան մօտաւորապէս 25 առ հարիւրը՝ չէզոքացուած: Յետոյ վրայ հասան բարձրաստիճան սպաներու եւ հրամանատարներու հետապնդումները, բանտարկութիւններ, պաշտօնազրկումներ, եւ այդ բոլորին վրայ ալ՝ 11 հազար դասալիքի մասին զրոյցներ, որոնք «թելադրուեցան» Ատրպէյճանէն: Եթէ յանցաւորներ եւ թերացողներ կան, անպայման որ պէտք է պատժուին, սակայն երբ աչքի առջեւ ունինք վերոյիշեալ թիւերը եւ բանակին մասին այլանդակ քարոզչութիւնը (յատկապէս վարչապետին յաճախակի ասուլիսներուն ճամբով)՝ երիտասարդը հայրենիքի պաշտպանութեան ծառայութենէն վանողը, արդէն յստակ կը դառնայ, թէ բանակին իրողական տկարացումը ինչպէ՛ս տեղի ունեցաւ եւ կը շարունակուի, թշնամին եւ Երեւանի իշխանաւորը ինչպիսի՜ զուգորդութիւն ստեղծած են:
Բացայայտ է, որ գլխաւոր պատասխանատուն (պատասխանատուները) ձգուած են ազատ, զանոնք հաշուետուութեան կոչելու քայլերը կը մնան ձեւական, ունին խեղկատակութեան դիմագիծ եւ կը սարքուին կաշի փրկելու դիտաւորութեամբ (պատերազմին հետքերը քննարկող յանձնաժողո՜վը…), հակառակ անոր, որ վարչապետէն սկըսեալ, կատարուած են աղաղակող՝ «պատասխանատու եմ, բայց յանցաւոր չեմ»-ի, «կրնայի պատերազմը դադրեցնել առանց այսքան զոհ տալու»-ի, հիմա ալ՝ «զիս խաբեցին»-ի պէս խոստովանութիւններ, ուշադրութիւն շեղող բառախաղեր:
Բանակին տկարացման եւ մասամբ անկարողութեան մատնուելուն մէջ, կան այլ իրականութիւններ: Պատերազմին, հսկայական զէնքի կորուստ արձանագրուեցաւ: Չմտնենք այն այլանդակ բանավէճին մէջ, թէ պատերազմէն քանի մը ամիս առաջ «անպարտելի եւ մարտունակ» հռչակուած մեր բանակը 26 Սեպտեմբերին «պէտք եղած զէնքերը չունէր», այլ խօսք՝ որ հայկական բանակը շուրջ 5 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնք կորսնցուցած է պատերազմին:
Պատերազմէն ետք, վերազինումը ըստ հարկաւորին տեղի չէ ունեցած: Հոս ալ չմտնենք «դրամ ունինք բայց զէնք չենք կրնար գնել»-ի պէս ինքնախայտառակումներու ոլորտը, այլ բաւականանաք հարց տալով, թէ ինչո՞ւ մատնուած են նման անկարողութեան: Տակաւին, Արցախի կորուստով՝ Հայաստանին պարտադրուած նոր եւ հիմէ զուրկ սահմանագիծը – որուն շուրջ հազար ու մէկ այլ դատարկաբանութիւն կը ծաւալի – չունի ինքնապաշտպանական անհրաժեշտ միջոցները: Թշնամիին ոտնձգութիւնները վերածուած են հանապազօրեայ խաղի, որուն դիմաց, իշխանաւորներուն կեցուածքը կը թարգմանուի՝ «Է՞, դեռ չվարժուեցա՞ք» թելադրող ձեռնթափութեամբ: Բանակը բազմիցս ապացուցեց, որ դիմադրականութիւնը եւ հայրենիքի պաշտպանութիւնը իրեն համար օտարոտի ու անկարելի բաներ չեն, քանիցս յաջողեցաւ, զոհեր տալով, պաշտպանել սահմանային այս կամ այն գօտին, ցոյց տալով, որ թշնամին գերհզօր չէ, այլ անոր մէջ նստած կը մնայ այն վախկոտը, որ 30 տարի առաջ, պոչը յետին ոտքերուն մէջ կծկած շան պէս փախուստ տուաւ Շուշիէն եւ արցախեան այլ ամրութիւններէ (կը յիշէ՞ք Օմարի լեռնանցքին նուաճումը), սակայն նաեւ ունեցաւ ընկրկումներ: Երբ չ’երեւիր պաշտպանական յստակ վարքագիծ, ամբողջական ճամբու քարտէզ, ամէն բան զոհ կ’երթայ «խաղաղութիւն կը բերենք» ցնդաբանութեան: Նուազ ողբերգական չեն այն տեղեկութիւնները, թէ սահմանային որոշ գօտիներու պաշտպանական միջոցները (խրամատ, ամրութիւններու հաստատում…) կը կատարուին մասնակի նախաձեռնութիւններու ճամբով:
(Դ.- Շար. 1)
Ս. Մահսերէճեան