Լուռ կը մնաս առ ի յարգանք
Որ չըլլաս դուն այլոց փորձանք
Կը նախընտրես անձայն մնալ
Մեղանչելէն զգուշանալ։
Լուռ կը մնաս որպէս զարմանք
Երբ խօսողին կեանքն է խաբկանք
Կը փորձես դուն դատող չըլլալ
Լեզուի մեղքին ընթացք չտալ։
Խօսք ըսելը խրթին կը զգանք
Երբ կայ անվերջ վէճ, մեղադրանք
Կը ստիպուիս դուն շատ ափսոսալ
Բարդ վիճակէն շուտով դուրս գալ։
Լուռ մնալն է գուցէ տանջանք
Երբ միտք չկայ, այլ՝ շարադրանք
Հոգեշահն է յաւէտ գովեալ
Բարենպաստ եւ մեծարեալ։
Լուռ մնալն է յաճախ տուգանք
Լաւ տուեալ է եւ սփոփանք
Խիղճը արթուն, նուրբ, նուիրեալ
Տիրոջ սիրով ո՛չ պապանձեալ։
Բարին եղաւ անարձագանգ
Քանզի չարով կը պարծենանք
Իսկ մեր Հոգին, անկեալ, տրտմեալ
Փառքի ստրուկ, մեղքով մեռեալ։
Եթէ Աստուծոյ կը հաւատանք
Իր սուրբ խօսքին ականջ կու տանք
Պիտի ուզենք եղբայրանալ
Մեր սխալին համար զղջալ։
Զիրար լսել եթէ մոռնանք
Մենքէն պիտի օտարանանք։
Չկայ մարդ մը սուրբ, կատարեալ
Կոչուի անմեղ կամ ընտրեալ։
Աւելիով կը հայանանք
Խաչով եսը երբ ուրանանք
Ուստի հզօր «Մենք»-ով դարձեալ
Պիտ տեսնենք օր լուսազարդեալ։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան