Երբ որոշեցի երկու խօսք գրել Գամիշլիի նորակառոյց եկեղեցւոյ շինութեան աշխատանքներու քաջալերանքին համար, դժուարութեամբ եւ ցաւ ի սիրտ արձանագրեցի հետեւեալ վերնագիրը. «Աղաւիները մեզմէ աւելի օգտուեցան այս եկեղեցիէն»։
Այո՛, շիտակ է, որ Աստուածաշունչին մէջ գրուած է. «Նայեցէք երկնքի թռչուններուն. չեն մտածեր թէ ինչ պիտի ուտեն կամ ինչ պիտի հագուին» (Մտ 6:26) նախադասութիւնը։ Տիրոջ անունը օրհնեալ ըլլայ միշտ, որովհետեւ իրաւացի է , այսպէս է։ Սակայն կը կարդանք նաեւ. «Երանի եկեղեցի շինողներուն» (ժամագիրք, Հանգստեան ժամերգութիւն)։
Գամիշլիի մէջ հինէն ի վեր երազ եղած է եկեղեցի կառուցելը։ Այս մէկը կը տեսնենք արխիւներու մէջ, երբ 20 Յուլիս 1954-ին Տաճատ Հայր Սուրբը այս մասին նամակ կ’ուղարկէ Զարեհ Եպս. Փայասլեանին։ 27 Մարտ 1959-ին Առաջնորդական Փոխանորդը նոյնպէս եկեղեցաշինութեան համար կը գրէ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին։ 2007-ին երազը իրականութիւն կը դառնայ եւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ հիմնաքարը կը դրուի նոր եկեղեցւոյ։ Դժբախտաբար տարիներ ետք եկեղեցին տակաւին անգործածելի է հաւատացեալներուն կողմէ, սակայն աղաւնիներ մեզմէ աւելի կ’օգտագործեն զայն։
Այսօր կը մտածէի եւ կ’ըսէի. ինչ լաւ կ’ընեն աղաւիները։
Կիսակառոյց եկեղեցին մերկ է ձմրան եղանակին եւ աղաւնիները շուրջը կը հաւաքուին ոչ թէ ապաստան գտնելու համար, այլ՝ ծածկելու համար զայն խիստ հովէն եւ պաղ օդէն, ինչպէս մայր մը պիտի պաշտպանէր իր զաւակը։
Ամրան եղանակին անապատական տօթին աղաւնիները եկեղեցւոյ շուրջ կը հաւաքուին ոչ թէ շուք տալու համար, այլ՝ կիսակառոյց եկեղեցին կիզիչ արեւէն ծածկելու եւ իրենց շունչով զովացնելու համար անոր պատերը, ինչպէս բոլորս ալ տաք օդին զովացուցիչ վայրեր կը փնտռենք։
Երբ աշնան հովը կը փչէ եւ տերեւաթափը կը սկսի, աղաւնիները դարձեալ կու գան, կը կանգնին նորակառոյց եկեղեցւոյ գմբեթին վրայ, որպէսզի անոր լերկութիւնը չտեսնուի։
Գարնան՝ երբ ամէնուրեք գոյնզգոյն ծաղիկներ կը ծլին եւ բոլորս կը զմայլինք ու փառք կու տանք Աստուծոյ հրաշագործութեան, աղաւնիները դարձեալ իրենց գործին գլուխն անցած՝ կու գան լեցնելու եկեղեցւոյ պատերը եւ իրենց գեղեցիկ փետուրներով զարդարելու շէնքը, որպէսզի երբ օտարները անցնին՝ նայելով կիսակառոյց տաճարին՝ մերկ չտեսնեն զայն։

Սիրելինե՛ր,
Եկէք շինենք մեր եկեղեցին, զարդարենք մեր եկեղեցին, այլ խօսքով ՇԻՆԵՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏՈՒՆԸ։ Ո՛չ միայն աղաւնիները թող օգտուին, այլեւ՝ հաւատացեալ ժողովուրդը թող մտնէ այդ աղօթատունը եւ լսէ Աստուծոյ կենդանարար ու սփոփիչ Խօսքը, կենդանիօրէն հաղորդակցի իր արարիչին ու փրկիչին հետ եւ լեցուի Տիրոջ բարիքներով ու օրհնութիւններով։

Լեւոն Վրդ. Եղիայեան