Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէֆ Պորել անդրադարձած է Հայաստանէն դէպի Արցախ ղրկուած մարդասիրական օգնութեան։ Բեռներով բերձուած մեքենաները, սակայն, տակաւին Կոռնիձորի անցակէտին մէջ են եւ չեն հասած Արցախ։
«Լաչինի միջանցքով տեղաշարժը խոչընդոտուած կը մնայ աւելի քան եօթը ամիս՝ հակառակ զայն վերաբանալու Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի հրամանին։ Մենք ի գիտութիւն ընդունած ենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն յայտնած պատրաստակամութիւնը՝ ապրանքներ մատակարարել նաեւ Աղտամ քաղաքէն։ Սա պէտք չէ դիտարկուի որպէս Լաչինի միջանցքի վերաբացման այլընտրանք։ Բժշկական պարագաներն ու շտապ օգնութեան ապրանքները բաւարար չեն կամ արդէն սպառած են, ինչ որ սարսափելի հետեւանքներ կ’ունենայ տեղւոյն բնակչութեան համար: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պարտաւոր են անյապաղօրէն երաշխաւորել անվտանգութիւնն ու ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքի երկայնքով», իր զեկոյցին մէջ ըսած է Պորել։