Գերմանիոյ Պունտեսթաքի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Միխայէլ Ռոթն Ատրպէյճանը մեղադրած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներ իրականացնելու մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, Ռոթն այդ մասին գրած է «թուիթըր»-ի իր էջին:
«Ատրպէյճան կ՛արգելափակէ մարդասիրական օգնութիւնը դէպի Լեռնային Ղարաբաղ: Սա միջազգային իրաւունքի խախտում է: Նոյնիսկ եթէ ենթադրենք, որ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կը պատկանի, ատիկա չ՛արդարացներ ցեղային զտումները: ԵՄ-ը եւ ԱՄՆ-ն պէտք է հանդէս գան յստակ դիրքորոշումով: Հայաստան պէտք չէ դառնայ Ռուսիոյ «որսը», գրած է Ռոթ` տարածելով t-online.de հեղինակաւոր լրատուական կայքի յօդուածը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերահաս ցեղասպանութեան մասին:

Ատրպէյճան 15 Յունիսէն սկսեալ ամբողջութեամբ արգելափակած է Լաչինի միջանցքը, որուն հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակը օրէ օր կը սրի: Աւելի քան 40 օր Լեռնային Ղարաբաղը զրկուած է բոլոր տեսակի մատակարարումներէն, գոյութիւն ունի սնունդի, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու, դեղորայքի տագնապ: Հայաստան 26 Յուլիսին մարդասիրական օգնութիւն ղրկած է Արցախ, սակայն Ատրպէյճան արգիլած է բեռնատարներուն մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ: 19 բեռնատարները մինչեւ օրս կանգնած են Սիւնիքի մարզի Կոռնիձոր բնակավայրը` Լաչինի միջանցքի սկզբնամասը:
Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի սահմանափակ կարելիութիւն ունի միայն Միջազգային Կարմիր Խաչի կոմիտէն, որուն ուղեկցութեամբ բուժման կարիք ունեցող քաղաքացիներ արցախէն կը տեղափոխուին Հայաստան, սակայն 29 Յուլիսին Ատրպէյճան առեւանգած է Միջազգային Կարմիր Խաչի ուղեկցութեամբ Հայաստան տեղափոխուող 68-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանը: Կարմիր Խաչի պաշտպանութեան տակ գտնուող Խաչատրեանը առեւանգուած է Լաչինի միջանցքի անցակէտէն, անոր տեղափոխած են Պաքու ու կեղծ մեղադրանքներ առաջադրած:

Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարութիւնը եւս իրենց բազմաթիւ յայտարարութիւններով Ատրպէյճանի գործողութիւնները մեկնաբանած են որպէս Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ցեղային զտումներու ենթարկելու քայլեր: