ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի մամլոյ քարտուղար Էլիզապէթ Չուլճեանի խօսքին համաձայն, Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցը կը շարունակէ մնալ Հայ Դատի յանձնախումբի օրակարգին վրայ:
«Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցը միշտ եղած է Հայ Դատի յանձնախումբի օրակարգին վրայ: Ամերիկայի տասը նահանգներ արդէն ճանչցած են Արցախի անկախութիւնը: Տեղական մակարդակով նաեւ տարբեր քաղաքներ ճանչնալ Արցախը՝ իբրեւ անկախ պետութիւն: Վերջերս, օրինակ, Նիւ Եորք նահանգի երկու քաղաքներ ճանչցան Արցախի անկախութիւնը: Ճանաչման աշխատանքները, անշուշտ, պէտք է շարունակուին: Դժբախտաբար, ամերիկեան կառավարութիւնը կը շարունակէ զինուորական օժանդակութիւն ուղարկել Ատրպէյճան, սա սխալ ազդանշան է Ատրպէյճանի կառավարութեան, եւ Հայ Դատի յանձնախումբի առաջնահերթ աշխատանքներէն մէկը եղած է կանգնեցնել այդ զինուորական օգնութիւնը: Ասոր շուրջ կ’աշխատինք թէ՛ Սպիտակ տան, թէ՛ Քոնկրեսի հետ», Alpha News-ի եթերին ըսած է Էլիզապէթ Չուլճեան:
Ան պատմած է, որ ներկայիս երկու բանաձեւ կայ, որոնց շուրջ Հայ Դատի յանձնախումբը կ’աշխատի։
«Մէկը ազգային պաշտպանութեան բանաձեւն է, որ ներկայացուած է Ծերակոյտի մէջ եւ կը քննարկուի, իսկ միւսը արտաքին օժանդակութեան բանաձեւն է: Երկուքին մէջ ալ ընդգծուած է Ատրպէյճանին տրամադրուող օժանդակութիւնը կրճատել: Ասոր կողքին շատ կարեւոր է նաեւ ընդլայնել ամերիկեան մարդասիրական օժանդակութիւնը Արցախ: Այսօր իսկապէս ոճիր է, որ ամերիկեան կառավարութիւնը մինչեւ հիմա պէտք եղած մարդասիրական օժանդակութիւնը չէ ուղարկած Արցախ: Խօսած են, որ մենք կ’ուզենք մարդասիրական ձեւով օգտակար ըլլալ հայ ժողովուրդին, որ Արցախի ճամբան բացուի, բայց որպէսզի ասոնք իրականանան, ու Ատրպէյճանի կառավարութիւնը հասկնայ, որ ամերիկեան կառավարութիւնը լուրջ տրամադրուած այս հարցերով, պէտք է երկու բան տեղի ունենայ. պատժամիջոցներ կիրառուին Ատրպէյճանի կառավարութեան դէմ՝ այն ոճիրներուն համար, որոնք կատարուած են ոչ միայն շրջափակման, այլեւ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, ինչպէս նաեւ պէտք է մարդասիրական օժանդակութիւն հասնի Արցախ», ըսած է ան: