Անցնող օրերուն, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կապ հաստատեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (ԵՀԽ) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (ՄԱԵԽ) պատասխանատուներու մարմիններուն հետ, որպէսզի միջազգային համայնքին անգամ մը եւս ուշադրութեան յանձնեն Արցախը Հայաստանին կապող Բերձորի (Լաչին) միակ միջանցքը անմիջապէս վերաբանալու հրամայականը եւ դատապարտեն Ատրպէյճանի կողմէ կատարուող այս անմարդկային արարքը։
Արդարեւ, ԵՀԽ-ը կոչով մը հանդէս եկաւ, ուր ան կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուած Բերձոր միջանցքին արգելափակումը։ Խորհուրդը իր կոչին մէջ կ՚ըսէ. «Նկատի առնելով Լաչինի միջանցքին փակման պատճառով Արցախի մէջ յառաջացած մարդասիրական տագնապը, ԵՀԽ-ը կը վերահաստատէ իր կեցուածքը եւ կոչ կ՚ուղղէ միջազգային համայնքին անմիջապէս միջամտելու եւ նախաձեռնելու միջանցքի վերաբացման աշխատանքներուն»։
Արցախի ժողովուրդը կարիքը ունի սննդեղէնի, դեղորայքի, ելեկտրականութեան եւ վառելանիւթի։ Ուստի, «ԵՀԽ-ը դարձեալ կոչ կ՚ուղղէ Ատրպէյճանի եւ տարածաշրջանի ուժերուն, որ անմիջապէս Լաչինի միջանցքին արգելափակումը վերացնեն, որպէսզի ճանապարհը ազատ ու ապահով ըլլայ քաղաքացիներու տեղաշարժին համար եւ մարդասիրական օժանդակութիւններ հասնին Արցախի մէջ ապրող ու տառապող հայ ժողովուրդին»։
Յայտնենք, որ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը նախապէս քանի մը առիթներով կատարած է նոյնպիսի կոչեր ու յայտարարութիւններ, ի մասնաւորի Խորհուրդի 11-րդ ընդհանուր ժողովին։