Արցախի Հանրապետութեան նախագահը մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ դիմած էր Միջազգային Քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյին՝ խնդրելով փորձագիտական կարծիք առ այն, թէ արդեօ՞ք Արցախի մէջ խորացող շրջափակումը կը համապատասխանէ ցեղասպանութիւն յանցագործութեան:
7 Օգոստոսին ստացուած է մեծավաստակ գիտնականին զեկոյցը, որ ուսումնասիրուած է նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակին մէջ՝ ըստ անհրաժեշտութեան զանիկա Հայ Դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու կողմէ օգտագործումի նախապատրաստելու համար։
ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը զեկոյցը գնահատած է որպէս մասնագիտական բարձր որակով, առարկայական եւ փաստական տուեալներով հիմնաւորուած աւարտուն աշխատանք։ Մասնաւորապէս՝ զեկոյցը միարժէքօրէն կը պնդէ, որ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ կ’իրականացուի շարունակական ցեղասպանութիւն, որ հիմնաւորուած է «Ցեղասպանութեան Յանցագործութիւնը Կանխարգիլելու Պատժելու Մասին» համաձայնութեան երկրորդ յօդուածով, որ ցեղասպանութիւն սահմանած է նաեւ «որեւէ խումբի համար կեանքի այնպիսի պայմաններու միտումնաւոր ստեղծումը, որոնք ուղղուած են անոր լրիւ կամ մասնակի ֆիզիքական ոչնչացումին»։ Հեղինակը ըսուածը կը հիմնաւորէ՝ յղում կատարելով սերպերու ցեղասպանական գործողութեան մասին Արդարադատութեան Միջազգային դատարանին որոշումը, ըստ որուն բնակչութիւն սնունդէ, բժշկական օգնութենէ, ապաստարաններէ եւ հագուստէ զրկելը համարուած է ցեղասպանութիւն։
Պարոն Օքամփոյի զեկոյցը բաղկացած է երեք հիմնական մասերէ եւ կ’անդրադառնայ Արցախի մէջ ընթացիկ ցեղասպանութեան յանցագործութեան ու հետաքննումի կարելիութիւններուն, ինչպէս նաեւ յանցագործութեան կանխարգիլման միջոցներուն։
Զեկոյցին հեղինակը մանրամասնօրէն վերլուծած է Լաչինի միջանցքի փակման առնչութեամբ միջազգային դատական ատեաններու որոշումները, Ատրպէյճանի նախագահին եւ այդ երկրի ղեկավարներուն յայտարարութիւնները ու գործողութիւնները։ Մասնաւորապէս՝ Ալեւի յայտարարութիւններու վերլուծութեամբ փաստուած է․
• Նախագահ Ալիեւ դիտումնաւոր կերպով արգելափակած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու կենսական անհրաժեշտութեան մատակարարումները։
• Ան բացայայտօրէն չէ ենթարկուած Արդարադատութեան Միջազգային դատարանի յատուկ հրամաններուն՝ «ապահովելու մարդոց, երթեւեկութեան միջոցներու եւ բեռներու անարգել տեղաշարժը Լաչինի միջանցքէն երկու ուղղութիւններով»:
• Արդարադատութեան Միջազգային դատարանի որոշումով Ալիեւը տեղեկացուած է շրջափակման հետեւանքով հայերու առողջութեան եւ կեանքին համար ստեղծուած «իրական և անմիջական վտանգին» մասին։
Զեկոյցին հեղինակը կը ներկայացնէ ցեղասպանութեան խնդրոյ առարկայ դէպքին առիթով պատասխանատուութեան ենթակայ անձերու շրջանակը ու անոնց միջազգային պատասխանատուութեան կանչելու իրաւական ձեւաչափերը։ Ըստ այդմ, բացի նախագահ Իլհամ Ալիեւէն, սոյն յանցագործութեան համար միջազգային քրէական հետապնդումի ենթակայ են նաեւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը, պետական սահմանային ծառայութեան պետ Էլչին Կուլիեւը, պետական սահմանի պահպանութեան սահմանապահ ստորաբաժանումի շտապի պետ Աքշին Մեհերամովը, պետական սահմանապահ ծառայութեան արագ արձագանգման ուժերու արագ արձագանգման բաժինի հրամանատար Միսիր Ալիեւը, ինչպէս նաեւ միջազգային յարաբերութիւններու ուսումնասիրութեան կեդրոնի աշխատակից Ֆարիտ Շաֆիեւը։ Նախագահ Ալիեւի պարագային տրուած են անոր նախագահական անձեռնմխելիութեան յաղթահարումի կարելիութիւնները՝ Միջազգային Քրէական դատարանի կողմէն։
Զեկոյցը կը պարունակէ նաեւ հարուստ իրաւաքաղաքական նշանակութեան խորհուրդներ՝ ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարումի միջազգային ձեւաչափերու գործարկումին եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման համար, զեկոյցը նաեւ կը ներառէ Ղարաբաղեան հակամարտութեան ամփոփ պատմաքաղաքական ու իրաւական նկարագրութիւնը։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը բարձր գնահատելով զեկոյցի կիրառական նշանակութիւնը, զանիկա տրամադրած է Հայ Դատի յանձնախումբերուն ու գրասենեակներուն՝ Արցախի շահերու պաշտպանութեան աշխատանքներու ընթացքին օգտագործելու եւ անով արտացոլացուցած դրոյթները միջազգային քաղաքական շրջանակներու ուշադրութեան յանձնելու համար։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակ
09. 08․ 2023 թ․