Ա՜խ այս բառարանները, որոնց հետ յարաբերութիւնդ սիրոյ կը նմանի՝ կա՛մ կը սիրես, կա՛մ չես սիրեր. միջին եզր չկայ:
Կան մարդիկ, որոնք այնքա՜ն կը սիրեն բառարանները, որ … Օրինակ, կ’ըսեն թէ Յակոբ Օշական իր մանկութեան բառարան չունէր. եթէ մօրմէն ուզէր, վստահ եմ որ մայրը ճար պիտի ընէր եւ իր ասլան տղուն բառարանի դրամ պիտի հայթայթէր, հակառակ ծանր աշխատանքին. բայց փոքրիկ Յակոբը պիտի չուզէր մայրը աւելի ծանրաբեռնել, բայց ֆրանսերէն-հայերէն բառարան մը կ’ուզէր, շատ կ’ուզէր: Եւ կը սկսի ընդօրինակել (չեմ գիտեր որո՛ւ բառարանը, դպրոցի՞ն, հանրային գրադարանի՞ն …): Մինչեւ քանի մը հարիւր էջ բառարանին ընդօրինակութիւնը աւարտի, Յակոբը արդէն ֆրանսերէն սորված կ’ըլլայ, գոնէ բառապաշարը սորված կ’ըլլայ: Ահա՛ թէ ինչպէս կը սիրեն բառարանը:

Այսօր եւս կան նման մարդիկ, որոնք սակայն պէտք չունին բառարաններ ընդօրինակելու. «Նայիրի» կայքէջը ողջ մնայ իր 132 բառարաններով (անհաւատալիօրէն օգտակար աշխատանք, Սէրուժ Ուրիշեան ու Հարօ Մհերեան, երախտապարտ ենք), որոնց մէջ այնպիսի անսովորներ կան, որոնց գոյութեան տեղեակ իսկ չէի, ինչպէս Բուսաբառական բառարան, Տէրունի տօներու, Եկեղեցական իրերու, Եւրոպական փոխառեալ բառեր հայերէնի մէջ եւ այլն:

Նման բառարան մըն է «Հայկական Խոհանոցի Բառարան»-ը, կազմուած Վահագն Ադամեանի եւ Ժասմէն Բաբայեանի կողմէ, հսկայ՝ 445 էջանի հաւաքածոյ մը ոչ միայն հայկական ճաշերու անուններու, այլ՝ ճաշատեսակներու հայերէն անուններու, նոյնիսկ … անոնց պատրաստելու կերպերուն, ինչպէս նաեւ կարգ մը սովորութիւններու, որոնք այսօր արդէն մոռցուած են: Օրինակ մը տալու համար քանի մը բառ ներկայացնեմ.

Անրաքար – ճաշին վրայ դրուած ծանրութիւն, որ լեցուածը դուրս չթափի, ինչպէս տոլմաներու պարագային.
Աբրոխ – եաբրաք – տոլմայի տեսակ
Եռացած ջուրի մէջ խաղողի տերեւները փափուկցնել, լցոն պատրաստել, փաթթել եւ եփել: Հրամցնել թանով եւ կանաչ սոխով:
Լցոնը – մանր իւղոտ միս, ձաւար, սոխ, պղպեղ, թարմ ռեհան, աղ: Եփելու ընթացքին վրան ծանրութիւն դնել (անրաքար), որ ձաւարը դուրս չթափի:
Ազոխ – խակ խաղող. Ազոխաջուր – խակ խաղողին ջուրը:

Մուսա լերան մէջ ազոխը կը քամեն, մանր մաղէ կ’անցնեն, կ’եփեն, կ’աղեն եւ շիշերու մէջ լեցուցած կը պահեն կարգ մը կերակուրներ համեմելու համար:
Ալունք – աղանդեր, տարբեր տեսակի մանր ուտեստներ, մէզէ.
Աղաչք – մաքուր աղի կտոր, որ գրպանին մէջ կը պահէին եւ վարունգին վրայ քսելով կ’ուտէին:
Աղաթաս – կաւէ, փայտէ կամ ապակիէ տարբեր ձեւերով փոքր աման, որուն մէջ կը դնեն ամէն օր ուտելու աղը:
Աղաման – փոքր աման, որուն մէջ կը դրուի սեղանին դնելու աղը:
Աղացք – իւղոտ միսը երկու անգամ քաշել, աւելցնել աղ, պղպեղ, խառնել, կարագով տապկել, վրան սոխառած աւելցնել: Սմբուկը կրակի վրայ խորովել, մաքրել, ճզմել, կէսը տարածել իւղոտած ափսէի կամ փուռի ապակիէ ամանի մը մէջ, վրան փռել պատրաստուած միսը եւ ծածկել մնացեալ սմբուկով: Վրան դնել լոլիկի ջուր եւ տաշուած պանիր եւ փուռը եփել:
Աղի թան – թանը եռացնել մինչեւ թանձրանայ, աղել եւ պահել ձմեռուան համար: Ջուրով նօսրացնել, աւելցնել իւղ, սխտոր եւ հացի կտորներ:
Աղիտա – թանձր ռուպ, քարամէլ.
Աղկապ – աղի եւ հողի շաղախ, որ կը քսեն պղինձէ կաթսաներուն, որ կրակէն չսեւնայ:
Աղջիկերես – լաւ եփած, կարմրած հաց:
Աղուիսուկ – խորոված լման այծ, որ հարսանիքին օրը նուէր կը ղրկեն հարսին հօրը:
Աղտոր – սումախ, կոծոխուր.
Աղցան – սալատ

Զարթի՛ր Լաօ աղցան – գոմէշի մածունը զարնել թթուասերի եւ սերի հետ, աւելցնել տաշուած ընկոյզ, սերկեւիլ, մշկընկոյզ, նուռ, չորցած թութ, համեմունք, խաշած ճակընդեղ, խաշուած եւ կտրտուած հորթի միս, աղ: Հրամցնել պաղ:
Աղցուց Քմմաուն – կորկոտ, սիսեռ, արեւածաղիկի կուտ, դդումի կուտ, ընկոյզ, կաղին, պիստակ, ծիրանի նուշ առանձին-առանձին բովել եւ աղալ, ապա աւելցնել աղ, աղտոր, շուշմայ, ծոթրին, ուրց, կարմիր եւ սեւ պղպեղ, խառնել, լեցնել ապակիէ կճուճի մէջ: Գործածել թաթխոնի նման, վրան ձէթ լեցնելով:
Աղուհաց – հիւրերը աղուհացով դիմաւորելը յարգանքի նշան է:
Աճեցուն – թթխմոր
Աճուռ կամ աճուր – Հալէպի նշանաւոր տոլմացուն, վարունգի նման, բայց գծաւոր, յաճախ լեղի:
Ամիճ – բրինձով եւ զանազան համադամ չիրերով եւ համեմով հնդկահաւի կամ հաւի փորի լիցք:
Ամպաճ – մանկօ պտուղ
Դամ դնել – կերակուրը մաղ կրակի վրայ դնել, մինչեւ ջուրը քաշուի:
Փաթիփութի – եգիպտացորենի խարկուած եւ բացուած հատիկներ, պտպտիկ:

Այնքան հետաքրքրական բառերու, անուններու, սովորութիւններու եւ ճաշատեսակներու կարելի է հանդիպիլ այստեղ, որ բառարանը գիրքի մը նման հաճոյքով կրնաս ընթերցել, առանց ձանձրոյթի, անընդհատ նորութիւններու,- կամ աւելի ճիշդ կ’ըլլայ ըսել՝ հնութիւններու հանդիպելով:

Նման անսովոր բառարան մըն է ֆրանսերէն «ֆրանսական նամակագրական արուեստի բառարան»-ը (dictionnaire pratique et critique de l’art epistolaire francais), գրուած աւելի քան դար մը առաջ՝ 1866 թուականին: Հսկայածաւալ գիրք մը 1344 էջերով, որ «անվաւեր կը համարուի, եթէ չկրէ հեղինակին եւ հրատարակիչին ստորագրութիւնը, կնիքն ու հերթական համարը», ինչպէս կ’ըսուի առաջին էջին:

Այս գիրքը նուիրուած է «Գրադարան Հայկական Ընդհ. Միութեան», Գահիրէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ նուիրատուին՝ տիար Գրիգոր Եղիայեանի կողմէ, ինչպէս յստակօրէն կը կարդանք գիրքին փակցուած պիտակին վրայ:

Իսկ բառարանը ինք ձօնուած է տիկին Շարլ Վէրուսթի՝ դիմանկարներու գեղանկարչուհիին, «Յարգանքով եւ խորունկ բարեկամութեամբ»:

Բառարանը ըստ նիւթի բաժանումներ ունի, այսպէս՝ հրաժեշտի, վարչական, աշխատանքային, բարեկամական, շնորհաւորական, քրիստոնէական դաւանանքի պաշտպանութեան, մխիթարութեան, խնդրանքի, խորհուրդ հարցնելու, մեծարանքի, հեգնական, զինուորական, պատմական-պատմագրական, փիլիսոփայական, քաղաքական, քաղաքական փիլիսոփայութեան եւ այլն եւ այլն …

Կը տեսնէք թէ որքա՜ն էական էր նամակագրութիւնը այդ օրերուն, եւ կը կարծեմ թէ այդ «արուեստը» (որովհետեւ այո, արուեստ է նամակագրութիւնը) չգիտցողը բարի աչքով չէր դիտուեր. ահա թէ ինչո՛ւ է նման բառարանի մը գոյութիւնը, ուր բազմահարիւր օրինակներ կան, առնուած ոչ միայն օրուան նշանաւոր անձերու նամակագրութենէն, այլ եւ շատ աւելի վաղ ժամանակներու յայտնի անձերու նամակներէն:

Եւ անշուշտ իւրաքանչիւր գլուխ մէկէ աւելի օրինակներ ունի նամակներու, վաւերական նամակներու, որոնք գրուած են այսօր պատմութեան մէջ մեծ անուն դարձած մարդոց կողմէ, ինչպէս Նափոլիոն Պոնափարթի նամակը գրուած Նափլի թագուհի Մարի-Գարոլինին, կամ Վոլթէրի նամակը Հայր Օպէրի, կամ Ֆրանսայի արքայ Լուի 14-րդի նամակը Սավոյի դուքս Վիքթոր-Ամետէ Բ.-ին եւ այլն:

Այս բառարանը եւս վէպի մը նման կը կարդացուի, երբեմն նոյնիսկ կ’ափսոսաս, որ նամակը ամբողջութեամբ չէ մէջբերուած:

Նամակագրական այս բառարանը այսօր հարուստ աղբիւր մըն է երկու դար առաջ ապրած մեծամեծներու բարքերուն եւ կենցաղին, եւ որպէս այդպիսին՝ խիստ հետաքրքրական է:

Նման բառարան կամ ուղեցոյց մենք, հայերս ալ ունեցեր ենք՝ «Ընդարձակ Նամականի կամ Ընթացիկ Թղթակցութիւն»-ը, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Պ. Պալենց գրատունէն 1912 թուականին լոյս տեսած որ, ըստ տիտղոսաթերթին, կը պարունակէ «նամակագրութեան վրայ ընդհանուր ծանօթութիւններ, թղթատարական օրէնքներ, ամէն տեսակ նամակներու օրինակներ, աղերսագրեր, ուղերձներ, գործի եւ առեւտրական նամակներ եւ այլն, եւ այլն»:
Կը տեսնենք թէ այս գրքոյկը գրականութեամբ չի զբաղիր այնքան, որքան պաշտօնական նամակներով, որոնք պէ՛տք է կարգ մը ընդունուած օրէնքներու հետեւին:

Հետաքրքրական է Նախաբանը, որուն առաջին պարբերութիւնը կ’ըսէ՝ «Նամակագրութիւնը գրական այն միակ ճիւղն է, որուն անհրաժեշտօրէն պէտք ունի ամէն մարդ անխտիր, ի՛նչ աստիճանի կամ միջավայրի ալ որ պատկանի»:
Նման հին գիրքերու մէջ յաճախ կը հանդիպինք ոչ միայն արդէն մոռցուած ոճերու եւ ըսելաձեւերու, այլ նաեւ բառերու, որոնք այսօր դուրս ինկած են մեր առօրեայ թէ գրական բառապաշարէն: Օրինակ՝ երբե՛ք պէտք չէ կրճատել կոչականը՝ տիկ. կամ պր. այլ գրել ամբողջ բառը՝ տիկին, պարոն եւ այլն: Իսկ կրօնաւորներուն համար ըսուածները.
Կաթողիկոսին՝ Աստուածընտիր Հայրապետ, եպիսկոպոսին՝ Բարձր Սրբազնութիւն, Արժանընտիր տէր, քահանային՝ Շնորհազարդ, Մաքրակրօն, բարձր աստիճանաւորներու՝ Բարձրապատիւ, Վսեմութիւն, պարզ աստիճանաւորներու՝ Ազնուապատիւ եւ այլն:

Բաւական տեղեկութիւններ տրուած են նամակներ եւ ծրարներ ուղարկելու, անոնց ծանրութեան համեմատ գինի եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին: Ապա օրինակներ տրուած են, թէ ինչպէ՛ս կրնայ տղայ մը, աղջիկ մը, գործաւոր մը կամ զինուորական մը իր ծնողքին Կաղանդի առիթով նամակ գրել:
Կան օրինակներ ցաւակցական, շնորհաւորական, շնորհակալական, յանդիմանական, յանձնարարական եւ այլ նամակներու:

Աղերսագրերն ու օգնութիւն խնդրելու նամակները խմբուած են այլ գլուխի մը տակ. նոյնիսկ պսակի հրաւիրագրերու օրինակներ կան, ինչպէս նաեւ պայմանագրերու եւ կտակներու բաժին մը: Պատկերացուցէ՛ք, որ պատասխաններու օրինակներ եւս կան, եւ … երկու տեսակ՝ նպաստաւոր պատասխան, աննպաստ պատասխան, մանաւանդ սիրոյ եւ ամուսնութեան առաջարկի նամակներու պարագային: Պահ մը երեւակայեցէ՛ք, թէ օրիորդ մը նման առաջարկներու նամակներ ստանայ տարբեր անձերէ, սակայն բոլորն ալ նոյն բովանդակութեամբ …

Այս գիրքը սքանչելի ուղեցոյց մըն է սովորական մարդոց համար, որոնք կը դժուարանան նամակ գրելու եւ այս 288 էջնոց գիրքին ցուցմունքներուն հետեւելով, կրնան նամակ մը գրել, աւելի քան դար մը առաջ:

Վերջացնելու համար ըսեմ՝ թէեւ մենք ունինք գիտութեան ընձեռած բոլոր դիւրութիւնները, բայց այդ ճամբուն վրայ նաեւ կորսնցուցած ենք շատ բան, ինչպէս նամակագրութեան արուեստը, կամ իսկական, թղթային բառարանէ մը բան մը փնտռելու ընթացքին այլ բան գտնելու անակնկալ հաճոյքն ու ուրախութիւնը:

http://www.kantsasar.com/news/44742-2/