ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերու յանձնաժողովը Twitter-ի իր պաշտօնական էջին վրայ անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային ծանր իրավիճակին։

Յանձնաժողովը ԱՄՆ-ին եւ անոր դաշնակիցներուն կոչ ուղղած է ճնշում գործադրելու Ատրպէյճանի նախագահին վրայ։

«Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն որպէս փրկօղակ ծառայած է Լեռնային Ղարաբաղի համար։ Այնուհետև Ատրպէյճանը կտրեց կենսական նշանակութեան սնունդի եւ դեղամիջոցներու այս վերջին աղբիւրը: Աւելի քան 7 ամիս անցած է Ատրպէյճանի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումէն, այժմ ժամանակն է, որ ԱՄՆ-ն եւ անոր դաշնակիցները ճնշում գործադրեն Ալիեւի վրայ», գրուած է հաղորդագրութեան մէջ։

ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերու յանձնաժողովը աւելցուցած է, որ մարդկային կեանքեր վտանգուած են։

Ատրպէյճան կը շարունակէ ապօրինաբար արգելափակուած պահել Լաչինի միջանցքը։ Դեկտեմբեր 2022-ին Ատրպէյճան փակած էր Լաչինի միջանցքը․ սկզբնական շրջանին ատիկա կատարուած էր բնապահպանական կեղծ ցոյցի միջոցով, իսկ միջանցքի երթուղին փոխելէն վերջ Ատրպէյճան ապօրինի անցակէտ տեղադրեց այնտեղ՝ արգելափակելով մարդոց եւ երթեւեկային միջոցներու ազատ տեղաշարժը։ Մինչեւ 15 Յունիս 2023 միջանցքով սահմանափակ քանակով մատակարարումներ, այնուամենայնիւ, կ’իրականացուէին Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմին միջնորդութեամբ, սակայն 15 Յունիսէն վերջ Ատրպէյճան ամբողջովին արգելափակած է միջանցքը, որուն հետեւանքով Արցախ զրկուած է մարդկային մատակարարումներէն, այնտեղ գոյութիւն ունի սնունդի, շտապ օգնութեան ապրանքներու, դեղորայքի տագնապ։ Ատրպէյճան Արցախի բնակչութիւնը զրկած է նաեւ կազէն եւ ելեկտրականութենէն։ Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարութիւնը իրենց յայտարարութիւններուն մէջ բազմիցս ահազանգած են, որ Ատրպէյճան ցեղային զտման քաղաքականութիւն կ’իրականացնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։