Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան յայտնած է, որ Ռուսիա կ’աջակցի Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութիւն սկսելուն։ «Մենք կ’աջակցինք Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ բանակցութիւններու մեկնարկին: Այս նիւթը շահագրգիռ կողմերու հետ մեր յարաբերական օրակարգի վրայ է: Ռուս խաղաղապահները նախապէս օգնած են երկու պատուիրակութիւններու հանդիպումներու կազմակերպման եւ պատրաստ են շարունակելու անհրաժեշտ օգնութեան ցուցաբերումը», ըսած է Զախարովան: Անոր խօսքին համաձայն, Ռուսիա ոչ մէկ նախապայման առաջադրած է, այլ ջանասիրաբար կ’աշխատի մերձեցնելու կողմերու մօտեցումները, որոնք ներկայիս լրջօրէն կը տարբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լարուածութեան սրման լոյսին տակ։