Թեհրանի մէջ, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռաաիսի ընդունեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ, Սուրիոյ տնտեսութեան եւ արտաքին առեւտուրի նախարար Սամէր Խալիլ եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու նախարար Իյատ Խաթիպ։ Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Ռաաիսի շեշտեց Սուրիոյ եւ Իրանի յարաբերութիւններու բազմոլորտ զարգացման կարեւորութիւնը։ Նախագահ Ռաաիսի բարձր գնահատեց Սուրիոյ ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին պայքարը բոլոր դժուարութիւններուն եւ դաւադրական ծրագիրներուն դէմ, յայտնելով, որ Սուրիան այսօր իր քայլերը կ՚առնէ դէպի բարգաւաճում եւ յառաջդիմութիւն։ Ան շեշտեց սուրիական հողերէն արտաքին ապօրինի ուժերուն դուրս գալու եւ այդ հողերը սուրիական պետութեան վերահսկողութեան տակ առնելու անհրաժեշտութիւնը։

Իր կարգին նախարար Մըքտատ փոխանցեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի ողջոյնները նախագահ Ռաաիսիին , ապա ներկայացուց Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները, աւելցնելով, որ Սուրիոյ եւ Իրանի ղեկավարութիւնները կը ձգտին երկու երկիրներու ժողովուրդներուն նպաստող ձեռքբերումներու։