Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ սփիւռքահայութեան ջանքերուն շնորհիւ, Disney-ն ամենայն հաւանականութեամբ չեղեալ համարած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Մուստաֆա Քեմալ Աթաթուրքին նուիրուած ֆիլմաշարի ցուցադրութիւնը, որուն առաջին ներկայացումը կը նախատեսուէր Թուրքիոյ Հանրապետութեան 100-ամեայ տարելիցին օրը՝ սոյն թուականի 29 Հոկտեմբերին: Այդ մասին կը յայտնէ Akunq.net-ը՝ հիմնուելով թրքական մամուլով հրապարակուած լուրերու վրայ:
Աղբիւրին համաձայն, այդ մասին մասնաւորապէս հաղորդած է թրքական ազգայնամոլական պարբերականներէն  մէկուն՝ «Իենի Չաղ»-ի յօդուածագիրներէն Ֆաթիհ Էրկինը: Վերջինս Twitter-ի իր էջին գրած է, որ ըստ իրեն հասած տեղեկութիւններու՝ ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի հայկական Սփիւռքի ջանքերուն հետեւանքով յիշեալ ֆիլմաշարի ցուցադրութիւնը  կրնայ նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ արգիլուիլ:
Ան նաեւ յայտնած է, որ սփիւռքահայերը ֆիլմի ցուցադրութիւնը արգիլելու հիմնաւոր պատճառ կը համարեն այն, որ Աթաթուրքը ռազմական յանցագործ է: Այս տեսակէտին իր անհամաձայնութիւնը արտայայտելով՝ Ֆաթիհ Էրկին իր վրդովմունքը  յայտնած է Disney-ի գոյացուցած որոշումին նկատմամբ:
Յիշեցնենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ֆիլմաշարի ցուցադրութիւնը չեղեալ համարելու իր կոչին Disney-ին կը յիշեցնէր Աթաթուրքի մարդասպան ու բռնապետ ըլլալը. «Մենք կոչ կ’ուղղենք @DisneyPlus-ին չեղարկել ֆիլմաշարը, որ կը փառաբանէ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը՝ թուրք բռնապետն ու մարդասպանը, որ իր ձեռքերուն կը կրէ միլիոնաւոր յոյներու, հայերու, ասորիներու, քաղդէացիներու, արամէացիներու, մարոնիներու եւ այլ քրիստոնեայ նահատակներու արիւնը», թուիթերի վրայ գրած էր ANCA-ը: