Ուրբաթ, 11 Օգոստոս 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ՝ Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանի, Ազգ. Կրօնական Ժողովի ատենապետ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեանի, Քեսապի մէջ այցելեցին ՀՄԸՄ-ի բանակավայր, ուր 7-14 Օգոստոսին տեղի կ՚ունենայ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի «Լեւոն Աբգարեան» տարեկան բանակումը։
Սրբազան Հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին կողմէ՝ փողերախումբին խանդավառող նուագով եւ բանակողներու սկաուտական կանչերով։

Մասնաճիւղի Խմբապետ եղբ. Յովիկ Հապէշեան խօսք արտասանելով բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր եւ հրաւիրեց Սրբազան Հայրը, որ բանակողներուն բացատրէ «Տէրունական Աղօթք»-ին իմաստը։
Սրբազան Հայրը, իր կարգին, ամփոփ կէտերու մէջ ներկաներուն բացատրեց «Հայր Մեր»-ի իւրաքանչիւր նախադասութեան ետին կանգնող հոգեւոր իմաստը, աւելիով լուսաբանեց եւ հրաւիրեց զանոնք, որպէսզի յառաջիկային, ամէն անգամ որ «Տէրունական Աղօթք»-ը կ՚աղօթեն, ո՛չ թէ առ ի պարտականութիւն արտասանեն, այլ անդրադառնան աղօթքի իւրաքանչիւր բառին ետին կանգնող խոր եւ հարուստ հոգեւոր իմաստին եւ առաւել գիտակցութեամբ, սրտով եւ հոգիով իրենց աղօթքը բարձրացնեն առ Բարձեալն Աստուած։ Ապա, Սրբազան Հայրը մտերմիկ զրոյց ունեցաւ բանակումի պատասխանատուներուն հետ, Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդին եւ Շրջ. Խմբապետուհիին ներկայութեամբ, սկաուտական կեանքին առնչուող զանազան նիւթերու շուրջ։

Սրբազան Հայրը գնահատեց բանակումի պատասխանատուներուն նուիրուածութիւնը եւ իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց բանակող քոյրերուն եւ եղբայրներուն։ Աւարտին, յիշատակի խմբանկար առնուեցաւ։