ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան արտաքին քարտուղարութիւնը ստացած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամին մասին Ընկերվար միջազգայնականի յայտարարութիւնը, որ ամբողջութեամբ թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Ընկերվար միջազգայնականը խորապէս մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ահագնացող մարդասիրական ճգնաժամով: Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շարունակական շրջափակումը պատճառ հանդիսացած է անտանելի իրավիճակի յառաջացման:
Հայաստանէն սնունդի, դեղորայքի, կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումներէն զրկուած ըլլալու հետեւանքով շրջանին մէջ սով եւ մարդասիրական աղէտ գոյացած է։
12 Դեկտեմբեր 2022-էն Լաչինի միջանցքի փակման ձգտող ատրպէյճանական քաղաքականութիւնը, 9 Յունուար 2023-էն Հայաստանէն Արցախը սնուցող միակ բարձր լարային ելեկտրագիծի խափանումը, 21 Մարտ 2023-էն կազի մատակարարումներու խափանումը եւ աւելին` 15 Յունիս 2023-էն ամբողջական շրջափակումը Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ ժողովուրդի կենսապայմաններուն վրայ աղէտալի ազդեցութիւն ունին:
Մենք նկատի կ՛առնենք այն, որ 15 Յունիս 2023-էն սնունդի, դեղորայքի եւ այլ առաջնային ապրանքներու մատակարարումը, ինչ որ նախապէս կը կատարուէր ռուսական խաղաղապահ ուժերուն եւ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան կողմէ, դադրեցուած է Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով: Այս շարունակական շրջափակումը կը խախտէ Արդարադատութեան Միջազգային դատարանի եւ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի Լաչինի միջանցքին վերաբերող իրաւականօրէն պարտադիր կատարում ենթադրող որոշումները:
Ընկերվար միջազգայնականը խորապէս անհանգստացած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ վերահաս ցեղասպանութեան սպառնալիքի մասին ահազանգերէն` բարձրացուած հեղինակաւոր մասնագէտներու եւ համապատասխան հիմնարկներու կողմէ, ինչպիսիք են Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքինի հիմնարկը եւ Միջազգային Քրէական դատարանի առաջին գլխաւոր դատախազ ԼուիսՄորենօ Օքամփօն:
Ընկերվար միջազգայնականը Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը յորդորէ անյապաղ եւ անվերապահօրէն բանալ Լաչինի միջանցքն ու ապահովել մարդոց ու ապրանքներու տարանցումը երկու ուղղութիւններով` համաձայն իր միջազգային պարտաւորութիւններուն եւ միջազգային դատարաններու կողմէ պարտադիր իրաւակիրարկութիւն ենթադրող որոշումներու: Մենք նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մեր անդամ կուսակցութիւնները կը յորդորենք միասին աշխատիլ` ապահովելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կայուն լուծումը:
Մենք միջազգային լայն հանրութեան կոչ կ՛ուղղենք արագացնելու ջանքերը` յորդորելու Ազրպէյճանի իշխանութիւնները դադրեցնելու Լաչինի միջանցքի շրջափակումը:
Համերաշխութեամբ` յանուն յառաջընթացի»:
18 Օգոստոս 2023