Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին նուիրուած եկեղեցական արարողութիւններուն կարգին, Ուրբաթ, 11 Օգոստոս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ ուխտերթ՝ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն մինչեւ Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատուռ, հովանաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի։ Ուխտերթը կազմակերպուած էր Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանի գլխաւորութեամբ։ Ուխտերթին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ազգ. Կրօնական Ժողովի ատենապետ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան, պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան, Քեսապի եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը եւ դպրաց դասը, քեսապահայ բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ուխտաւոր մեծաթիւ ժողովուրդը:

Ուխտերթը ընթացք առաւ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն, Սրբազան Հօր «Տէրունական Աղօթք»-ի արտասանութեամբ: Քեսապի հրաշագեղ բնութեան մէջ, Աստուածամօր պատկերով ուխտաւորները առաջնորդուեցան դէպի Էսկիւրան, ճամբու ընթացքին մեր սուրբ հայրապետներուն շարականները երգելով:

Էսկիւրանի մուտքին, ուխտաւորները դիմաւորուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Քեսապի Մասնաճիւղի փողերախումբին կողմէ եւ ազգայնաշունչ նուագակցութեամբ եւ ջահեր բռնած առաջնորդուեցան դէպի Ս. Աստուածածին մատուռ, ուր Սրբազան Հայրը ջրօրհնէք կատարեց, աղօթելով, որ օրհնուած ջուրը բժշկէ ուխտաւորներուն ցաւերն ու հիւանդութիւնները:

Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին: Սրբազան Հայրը աղօթեց, որ ուխտի թափօրին ընդմէջէն Ամենակալը իր աստուածային սիրոյ կենդանի ջերմութեամբ լեցնէ իւրաքանչիւր ուխտաւորի սիրտը եւ ներէ անոր մեղքերն ու յանցանքները:
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ ուխտաւորը ճանապարհորդն է, որ իր կեանքի ընթացքին ուխտի երթէն կ’ընթանայ, հասնելու համար իր Արարիչին ճանաչողութեան, այնպէս ինչպէս Աբրահամ կատարեց իր կեանքի ընթացքին:
Սրբազան Հայրը ուխտերթը գեղեցիկ առիթ համարեց, որ մեզ կը հրաւիրէ ինքնագիտակցութեամբ Աստուածամայրը գերագոյն օրինակ ունենալու եւ խորհրդածելու իր կեանքի հանգրուաններուն մասին, որոնք կը յատկանշուին խոնարհութեամբ, հեզութեամբ, անձնուրացութեամբ, ծառայութեամբ եւ Աստուծոյ կամքին կատարեալ հնազանդութեամբ: «Աստուածամայրը իր կեանքի օրինակով նոր կեանք պարգեւեց մարդկութեան եւ Քրիստոսով մեր առջեւ երկինքի դուռը բացաւ», հաստատեց Սրբազան Հայրը:
Եզրափակելով, Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ Ամենակալը ընդունի ուխտաւորներուն աղօթքները: