Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, Շաբաթ, 12 Օգոստոս 2023-ի առաւօտուն, հովանաւորութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Արամոյի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ։

Սրբազան Հայրը պատուիրակութեամբ ժամանեց Արամօ, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեանի, Արամօ հայաբնակ գիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ վարչութեան, տեղւոյն ժողովուրդին եւ Լաթաքիոյ դպրաց դասին կողմէ։ Սրբազան Հօր պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգ. Կրօնական Ժողովի ատենապետ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի Քեսապի ներկայացուցիչ Աւետիս Կարպուշեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան։

Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց Արամոյի ժողովուրդին, բնաբան ունենալով. «Մայր եւ Կոյս, աղախին Քրիստոսի, դուռն կենաց եւ փրկութեան մերոյ, Քեզ երանիցեն ազգ եւ ազինք»։ Սրբազան Հայրը ընդգծեց Աստուածամայրը բնորոշող յատկանիշերը՝ մաքրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը եւ հնազանդութիւնը, որոնց ճամբով Ան համայն մարդկութեան փրկութեան դուռ հանդիսացաւ։ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Ս. Կոյս Մարիամ, որ ծնաւ Աստուածորդին՝ Յիսուս Քրիստոսը, միակն է, որ իր որովայնին մէջ կրեց Քրիստոսը, ապա կերակրեց եւ անոր հետ եղաւ իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն։ Հետեւաբար, Աստուածամօր ճամբով համայն մարդկութիւնը առիթ ունեցաւ տեսնելու եւ շօշափելու Քրիստոսը՝ Ս. Հաղորդութեան ընդմէջէն։
Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց ուխտաւոր ժողովուրդը Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով եւ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցեց։ Պատարագէն ետք, Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս աւանդական մատաղօրհնէք եւ խաղողօրհնէք կատարեց։
Ապա, եկեղեցւոյ սրահէն ներս սիրոյ սեղան սարքուեցաւ ի պատիւ Սրբազան Հօր։
Քահանայ Հայրը բարի գալուստի խօսք արտասանեց։ Ապա, եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Տիգրան Գազանճեան բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր եւ ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ գիւղի ընտանիքներուն ներկայ մարտահրաւէրներուն։ Ապա, իրաւաբան Ներսէս Տարոս բարի գալուստ մաղթեց եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Սրբազան Հօր։
Լաթաքիոյ դպրաց դասը հայրենասիրական եւ ազգային փունջ մը երգեր ներկայացուց։
Գերշ. Տէր Մակար յորդորեց ներկաները եւ գնահատեց անոնց կապուածութիւնը հայ եկեղեցւոյ եւ մեր ազգային արժէքներուն։
Աւարտին, Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը, Քահանայ Հօր ներկայութեամբ հանդիպում ունեցան եկեղեցւոյ վարչութեան անդամներուն հետ եւ իրազեկ դարձան անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ Սրբազան Հայրը գօտեպնդեց եւ զօրակցութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ վարչութեան անդամներուն եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց անոնց գործունէութիւններուն։