Կիրակի, 13 Օգոստոս 2023-ին, Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով, աւանդութիւնը պահելով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան եպիսկոպոսական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին եւ խաղողօրհնէք կատարեց՝ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ՝ Ազգ. Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեանի, Քեսապի թաղական խորհուրդին, բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ խուռներամ ժողովուրդին:

«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեան ներքոյ, Սրբազան Հայրը թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի։ Սրբազան Հօր առընթերականերն էին՝ Ազգ. Կրօնական Ժողովի ատենապետ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան: Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին նուիրուած շարականներու հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, բնաբան ունենալով Աստուածամօր նուիրուած շարականի բառերը. «Աթոռ քերովբէական եւ փառք մայր Բանին մարմնացելոյ, զԱստուածորդին ի գիրկս իւր բարձեալ մարմնով, զոր զօրք երկնից ի բարձունս հանապազ մեծացուցանեն»: Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Ս. Կոյս Մարիամ արժանի դարձաւ իր որովայնին մէջ կրելու մարդացեալ ստեղծիչը եւ անոր ծնունդ տալով մայրական սիրով գգուելու անոր, այլ խօսքով, ան արժանացաւ բարձրութեան եւ վեհութեան առաւել քան սերովբէները եւ քերովբէները։
«Այսօր համախմբուած ենք այս խորհրդաւոր պահուն Ս. Կոյս Մարիամին անունը կրող եկեղեցւոյ մէջ, որպէս ուխտաւորներ մեր սրտերը բանալու մեր երկնաւոր Մօր եւ Անոր բարեխօսութիւնը խնդրելու մեր զանազան կարիքներուն համար եւ իր հետ միասնաբար փառաւորելու Ամենասուրբ Երրորդութիւնը՝ Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին», հաստատեց ան։
Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Աստուածամօր առաքինի կենցաղին, մաքրամաքուր սրբութեան եւ անբծութեան։ Ան յատկապէս շեշտեց Աստուածամօր հեզութիւնը, խոնարհութիւնն ու հնազանդութիւնը, որոնց շնորհիւ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուծոյ հաճութիւնը շահեցաւ եւ Աստուած զինք ընտրեց դառնալու իր բնակավայրը, գահը, աթոռը եւ այնտեղ բնակեցաւ եւ փառաւորուեցաւ։

Մակար Սրբազան ցնծալի այս տօնին առիթով շնորհաւորեց ժողովուրդի զաւակները, յատկապէս Ս. Կոյս Մարիամին անունը կրողները։ Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանը, որ լրջութեամբ, հաւատքով եւ սիրով յաջողցուց տաղաւար տօնին նուիրուած բոլոր նախաձեռնութիւնները։ Ան գնահատեց Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Եղիայեանը, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, տիկնաց յանձնախումբը, դպրաց դասը եւ բոլոր անոնք, որոնք իրենց ներդրումը բերին արժանաւորապէս յիշատակելու Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը։
Խօսքի աւարտին, Սրբազան Հայրը աղօթեց մեր հայրենիքին Հայաստանի եւ Արցախի համար։ Աղօթեց Միջին Արեւելքի, Լիբանանի, ծննդավայր Սուրիոյ, անոր Վսեմաշուք Նախագահին, բանակին եւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներուն համար, մաղթելով, որ Ամենակալը, Աստուածամօր բարեխօսութեամբ, իմաստութեամբ եւ շնորհքով լեցնէ, մարդասիրութեամբ եւ եղբայրսիրութեամբ կռանէ, ինչպէս նաեւ հայրենասիրութեամբ եւ հողասիրութեամբ թրծէ անոնց սրտերն ու հոգիները։ Վերջապէս, ան աղօթեց հիւանդներուն, տառապողներուն, նահատակներուն, բանտարկեալներուն եւ գերիներուն համար։

Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւն, ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր սկաուտներու ներկայութեամբ:
Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին նուիրուած ՀՄԸՄ-ի աւանդական տողանցք՝ Քեսապի, Հալէպի, Գամիշլիի եւ Լաթաքիոյ մասնաճիւղերու փողերախումբերուն եւ սկաուտներուն մասնակցութեամբ: Տողանցքը ընթացք առաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն, Քեսապի Հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանի գլխաւորութեամբ եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեանի մասնակցութեամբ։ Տողանցքին միացան նաեւ Քեսապի պետական աւագանին եւ Քեսապի Հայ Աւետարանական համայնքի հոգեւոր հովիւ պատուելի Շանթ Ակիշեանը։ Համալիրի մուտքին տողանցքին միացան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանը։ Համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ պաշտօնական հաւաք, ուր ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի համայնքապետ վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։
Արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով խօսքեր արտասանուեցան։ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը իր խանդավառող նուագով տօնական մթնոլորտ ստեղծեց։
Այնուհետեւ, իր սրտի խօսքը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Ան Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը կամրջեց ՀՄԸՄ-ի աւանդական տողանցքին, զոյգ առիթներ, որոնք կու գան տօնական մթնոլորտի մէջ մեր սրտերն ու հոգիները ուրախութեամբ լեցնելու եւ մեզ գօտեպնդելու։
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով գնահատեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը, որ Քեսապի մէջ տարիներու աւանդութիւնը պահելով, նոր աւիւն եւ յոյս կը ներշնչէ նոր սերունդի զաւակներուն։