ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
 
– Սուրիոյ պասքեթի տղոց հաւաքականը, շարունակելով իր ձախող խաղարկութիւնը, գրաւեց Փարիզի Ողոմպիական զտման մրցումներու աղիւսակին վերջին տեղը՝ արձանագրելով հինգ պարտութիւն եւ մէկ յաղթանակ: Սուրիոյ հաւաքականը պարտութեան մատնուեցաւ Հնդկաստանէն 74-85, Պահրէյնէն 91-60, Խազախստանէն 85-70 եւ Ինտոնեզիայէն 78-84 արդիւնքներով: Կազմը յաղթեց Սէուտական Արաբիոյ 73-71 արդիւնքով:
– Լաթաքիոյ մէջ տեղի ունեցած տարեկան 23-րդ մըրցաշարքի աւարտին, Թըշրին խումբը 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հըթինը եւ տիրացաւ ախոյեանութեան կոչումին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՊՐԱԶԻԼՑԻ ՆԷՅՄԱՐ ՄԻԱՑԱՒ ԱԼ-ՀԻԼԱԼ ԽՈՒՄԲԻՆ
Պրազիլի հաւաքականի 31-ամեայ յարձակող Նէյմար Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սան Ժերման խումբէն տեղափոխուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Ալ-Հիլալ խումբ: Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններուն, Նէյմար տարեկան պիտի ստանայ 300 միլիոն եւրօ, անոր պիտի տրամադրուի նաեւ հինգ ինքնաշարժ, հսկայ պալատ եւ անձնական օդանաւ մը: Ալ-Հիլալ խումբը կազմին միացուց նաեւ Մարոքի հաւաքականի եւ Սպանիոյ Սիվիլիա ակումբի դարպասապահ Եասին Պոնօն: Պոնօ սէուտական ակումբին հետ ստորագրեց երեք տարուան պայմանագրութիւն՝ փոխան 21 միլիոն եւրոյի:
ԱՐՍԷՆ ԶԱԽԱՐԵԱՆ «ՌԷԱԼ ՍՈՍԵՏԱՏ»-Ի ՀԵՏ ՀԱՄԱՁԱՅՆԵՑԱՒ
Ռուսիոյ հաւաքականի կիսապաշտպան Արսէն Զախարեան Մոսկուայի «Տինամօ» խումբէն տեղափոխուեցաւ «Ռէալ Սոսետատ»: Ըստ սպանական մամուլին, 20-ամեայ հայ մարզիկը ստորագրած է 6 տարուան պայմանագրութիւն: «Տինամօ»-ն Զախարեանի փոխադրութեամբ ստացաւ 12 միլիոն եւրօ։ Ընթացիկ մրցաշրջանին Զախարեան Տինամոյի հետ մասնակցեցաւ 5 հանդիպումի եւ նշանակեց 2 կոլ, կատարելով նաեւ 1 կոլային փոխանցում։ Զախարեան հանդէս պիտի գայ 12 թուակիր խաղաշապիկով։
Աւելցնենք, որ «Ռէալ Սոսետատ» նուաճած է Չեմփիընզ Լիկի խմբային մրցաշարքի ուղեգիր:
ՍՊԱՆԻՈՅ ԿԱՆԱՆՑ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ 
Կանանց Սպանիոյ ֆութպոլի հաւաքականը նուաճեց աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը՝ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Անգլիոյ հաւաքականը: Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած եզրափակիչ հանդիպումին, սպանացիները առաւելութեան հասան շնորհիւ Ռէալ Մատրիտի պաշտպանողական մարզուհի Օլկա Կարմոնային։
Յիշենք, որ այս առաջին անգամն է որ Սպանիա կը տիրանայ աշխարհի ախոյեանութեան:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան