Հայ Դատի Քանատայի Յանձնախումբը Մոնրէալի հայկական կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցած է Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ճոլիի հետ։
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ տիրող օրհասական իրավիճակը եւ բնակչութեան ապահովութեան ու անվտանգութեան սպառնացող շրջափակման հարցը։
Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէն վերստին շեշտուած է Արցախի ժողովուրդին ազգային ինքնորոշման իրաւունքին իւրացման կարեւորութիւնը, այն համոզումով, որ ատիկա Արցախի ժողովուրդին անվտանգ ու խաղաղ կենսագործունէութեան միակ երաշխիքն է եւ Արցախը երբեք չի կրնար ենթարկուիլ Ատրպէյճանին ու դառնալ ցեղասպանութեան զոհ։
Հայ Դատի Յանձնախումբը Քանատայի արտաքին գործոց նախարարին քաղաքական ու դիւանագիտական առաջնահերթութիւններու ծրարը փոխանցած է, որ Քանատայի կառավարութեան համար կրնայ օգտակար ըլլալ Արցախի մէջ ստեղծուած ճգնաժամի յաղթահարման համար։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ իր կարգին նախարար Ճոլի տեղեկացուցած է Սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ Քանատայի դեսպանատան պաշտօնական բացումին մասնակցութեան մասին։