Ինծի զարմանալի կը թուին այն անձերը, որոնք ընկերային կեանքէ հեռու մնալը  սկզբունք դարձուցած են, չեն ուզեր ընտելանալ շրջապատին։ Չեմ կրնար պատկերացնել, թէ ինքզինք հարազատներէ հեռու պահողը ինչպէ՛ս կրնայ ուրախ եւ շէն կեանք մը ապրիլ։
Հաւանաբար այսպիսիներուն համար դժուար է առողջ յարաբերութիւն մշակելը։ Քանի որ, իմ կարծիքով, առողջ յարաբերութիւնները շատ բան կը պահանջեն մեզմէ: Կը պահանջեն ուրիշներու հանդէպ ներողամիտ ըլլալ եւ աչք խփել անոնց կարգ մը թերութիւններուն, որպէսզի կարենանք պահել ընկերային յարաբերութիւնը։ Ընկերային առողջ յարաբերութիւն մշակելու համար զգոյշ պէտք է ըլլալ, չնուաստացնել դիմացինը, ինչ ալ ըլլան անոր թերութիւնները։
Ընկերութիւնը ճիգ ու ազնուութիւն կը պահանջէ, որպէսզի յարաբերութիւնը ըլլայ թափանցիկ ու մենք վստահութիւն ներշնչենք մեր ընկերոջ, ինչպիսի անձ ալ ըլլայ ան՝ պաշտօնի վրայ թէ առանց պաշտօնի, ուսեալ թէ անուս, մեր միջավայրին ծանօթ թէ նոր ծանօթութիւն հաստատող: Վերջին պարագային անդրադառնալով աւելցնեմ, որ երբ ընկերութեան մէջ նոր յայտնուողը ինքզինք օտար զգայ եւ չկարենայ  մթնոլորտին ընտելանալ, փորձենք օգնել անոր։
Ես ալ նման կացութեան մէջ յայտնուած եմ: Երբ 10-րդ կարգ հասայ, ստիպուեցայ այլ դպրոց յաճախել, ետին ձգելով նախկին դպրոցս ու դասընկերներս։ Այս նոր միջավայրին մէջ որեւէ ծանօթ չունէի։ Բարեբախտաբար շատ մեծ ջերմութեամբ ընդունեցին զիս նոր դասընկերներս, որոնք ժամանակի ընթացքին դարձան մտերիմ ընկերներ։
Հետեւաբար, ամէն անգամ երբ նշմարեմ նոր անձ մը, որ ինքզինք հեռու կը զգայ մեր միջավայրէն՝ կը փորձեմ ընկերանալ անոր, որպէսզի օգնեմ յաղթահարելու նոր շրջանակին հետ ընտելանալու իր դժուարութիւնը։
Շատեր կ’անարգեն դիմացինը, նոյնիսկ եթէ ան յարգալից վերաբերմունք ունենայ եւ փորձէ դրական ու գործակցող ըլլալ։ Ասիկա մարդոց բարդոյթներուն կը վերագրուի։ Երբ չեն գիտեր յարգել, ընկերանալ, հաւանաբար ներքին դժուարութիւն մը ունին ու ատիկա պահել կը փորձեն, սակայն անզգալաբար ի յայտ կը բերեն այդ բարդոյթը ուրիշը արհամարհելով։
Երբ նման բացասական անձերու հանդիպինք, ջանանք ըլլալ դրական ու աշխատինք պահել մեր ընկերական միջավայրի համերաշխութիւնը, կարեւորութիւն չտալով նման անհատներու բացասական արտայայտութիւններուն։ Օրերու ընթացքին այսպիսիները կամ պիտի մեկուսանան կամ ալ իրենց վերաբերմունքը պիտի փոխեն ու սորվին յարգել դիմացինը։
Սարին Գրիգորեան