ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Ասիոյ ֆութպոլի ակումբներու ամբողջացման փուլին, Հալէպի Ահլին 2 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պաղեստինի Շապապ Խալիլը, որուն շնորհիւ յաջողեցաւ իր տեղը գրաւել Ասիոյ աւարտական փուլին:
– Մալիզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լամպուրի մէջ տեղի ունեցաւ Ասիոյ ակումբներու մրցաշարքի վիճակահանումը։ Մրցաշարքին մաս պիտի կազմեն Սուրիոյ զոյգ ակումբները, Հալէպի Ահլին եւ Տէր Զօրի Ֆըթուէն: Ահլիի խմբակին մաս կը կազմեն Յորդանանի Ուահատաթ, Իրաքի Քահրապա եւ Քուէյթի ալ-Քուէյթ խումբերը, իսկ Ֆըթուէ կազմին՝ Լիբանանի Ահըտը, Պաղեստինի Ճապալը եւ Օմանի ալ-Նահտա խումբերը:
– Սուրիոյ Ֆութպոլի Դաշնութիւնը Դամասկոս հրաւիրեց ֆութպոլի ողիմպիական հաւաքականը՝ ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու համար: Հաւաքականի մարզիչութեան պաշտօնը դարձեալ վստահուեցաւ եգիպտացի Թամէր Հասանին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՖԻՖԱ ԴԱԴՐԵՑՈՒՑ ՍՊԱՆԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԴԱՇՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Ֆութպոլի Միջազգային Դաշնութիւնը Շաբաթ օր յայտարարեց, որ պաշտօնազուրկ ըրած է Սպանիոյ Ֆութպոլի Դաշնութեան նախագահ Լուիս Ռոպիալէսը, աղջկանց համաշխարհային ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտին իր ունեցած անպատասխանատու արարքին համար: ՖԻՖԱ հիմնուելով կազմակերպութեան կարգապահական յանձնախումբի զեկոյցին վրայ, որոշեց դադրեցնել Ռոպիալէսը մինչեւ հարցաքննութեան աւարտը: Որոշումը յայտարարուելէն անմիջապէս ետք, Սպանիոյ Ֆութպոլի Դաշնութիւնը ժամանակաւոր նախագահ նշանակեց Փետրօ Լոխան:
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ ԹԷՐ ՇԹԷՆԿԷՆԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Շաբաթ օր, Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնայի վարչութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ երկարաձգած է խումբի դարպասապահ Թէր Շթէնկէնի պայմանագրութիւնը մինչեւ 2028 թուական:
Ըստ յայտարարութեան, Շթէնկէնի պայմանագրութիւնը խախտելու տուգանք որոշուած է 500 միլիոն եւրօ: Աւելցնենք, որ Պարսելոնայի դարպասապահը քաթալոնէական ակումբին հետ մաս կազմած է 159 մրցումներու, իսկ իր արհեստավարժ մարզական կեանքին ընթացքին անոր դարպասը ստացած է 368 կոլ:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան